Յունիս 1ին, շուրջ ժամը 8:20ին, Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, տակաւին չպարզուած հանգամանքներով, մահացու կրակոցով սպաննուած է ժամկէտային զինծառայող, 19ամեայ Սարօ Արտեոմ Սամուէլեանը:
ՊԲ Լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժինէն կը յայտնեն, թէ միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն տեղի պիտի ունենայ: