ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Կիրակի, Յունուար 3ին նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստի բացման ընթացքին խօսք մը արտասանեց՝ յայտնելով, որ բարեփոխումներ կատարելով կարելի պիտի ըլլայ «մեր դէմ կատարուող յարձակումները ետ մղել»: Ան ըսաւ, որ քաղաքական հոլովոյթը յառաջ կ՛ընթանայ, սակայն ահաբեկչութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը բարեփոխումով եւ երկխօսութեամբ չէ հետաքրքրուած: «Մենք քաղաքական հարց չենք դիմագրաւեր, այլ՝ ահաբեկչութեան ճամբով հայրենիքի քանդում: Մենք իսկական պատերազմ մը կը դիմագրաւենք», աւելցուց ան: Ասատ նաեւ ընդգծեց, որ մինչեւ իսկ գազանները Հուլայի մէջ եղածները պիտի չընէին:
Երկուշաբթի օր, Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ զինեալ պայքար մղող ուժերուն աղբիւրները հաղորդեցին, թէ վերջ տուած են իրենց «զինադադար»ին եւ վերջին քանի մը օրերուն, Սուրիոյ տարածքին իրագործուած յարձակումներու ընթացքին պաննած են առնուազն 80 սուրիացի զինուորներ:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան, Քաթարի մէջ Սուրիոյ շուրջ Արաբական լիկայի խորհրդակցութեանց ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա «դէպի քաղաքացիական պատերազմ կը գլորի»:
Նաեւ, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական կողմը վերաբացած է վեց ամիսէ ի վեր փակուած Թուրքիոյ հետ Թել Ապիատ սահմանային անցքը:
Ուրֆայի նահանգի եւ նշեալ սահմանային անցքի կէտին մօտ գտնուող Աքաքալի գիւղի գիւղապետը, իր կարգին հաստատած է, որ «շրջանի տնտեսութեան համար կարեւոր աղբիւր եղող» անցքը բացուած է: