«ԱԶԴԱԿ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կովկասեան այցելութեան աւարտին պէտք էր սպասել՝ դիտարկումներու փորձ կատարելու համար. աւելի ճիշդը՝ յայտարարողական մակարդակի վրայ նկատելու նոր հրապարակումներ, շեշտադրումներու փոփոխութիւններ. կամ նոյնիսկ՝ բովանդակային առումով հիմնական պատգամներ:
Նախարար Քլինթըն Երեւանի մէջ գէթ արցախեան թղթածրարի իմաստով հիմնական նորութիւն չըսաւ: Միջնախարարական հաւանական հանդիպումի մասին ակնարկը, ուժի կիրառումը բացառելու հրամայականի վերյիշեցումը նոյնքան ուշագրաւ են, որքան Երեւանի արեւոտ եղանակին մասին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսիլը: Տարբեր հարց, որ հայկական լրատուադաշտի ներկայացուցիչներէն կ՛ակնկալուէր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Արցախի բաժինին մասին պատրաստուած զեկուցումին բովանդակութեան եւ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւններուն միջեւ առկայ հակասութեան բացատրութիւնը պահանջելը:
Երբ յատուկ զգուշաւորութեամբ ճիգ կը թափուի յայտարարողական գոյավիճակին վրայ նոր բան չաւելցնելու, կ՛ենթադրուի, որ փակ առանձնազրոյցներու մէջ խօսուածը կը մշուշապատուի եւ կա՛մ այցելութեան հիմնական առաքելութեան փոխանցելիք պատգամներուն վրայ վարագոյր կը քաշուի:
Արցախ-Ատրպէյճան շփման գիծին վրայ սակայն արձանագրուած դէպքերը, ատրպէյճանական հերթական յարձակումներու սաստկացումները նախարար Քլինթընի Երեւան ժամանած օրն իսկ մտածել կու տան կարեւոր ուղղութիւններու մասին: Ատրպէյճանական յարձակումները անհրաժեշտ էին ուրեմն, որ Երեւանի անբովանդակ յայտարարութիւնները աւելի ձեւ ստանային Պաքուի մէջ:
Այսպէս. հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակի սրումը կրնայ անկանխատեսելի հետեւանքներու հասնիլ: Քլինթըն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ յոյս ունին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր պատերազմ չի սկսիր: Քլինթըն խօսած է նաեւ Փարիզի մէջ կայանալիք հայ-ատրպէյճանական հանդիպումներու մասին եւ շեշտած Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը՝ հարցի լուծման համար:
Քլինթըն, խօսելով անկանխատեսելի հետեւանքներուն մասին եւ յոյս յայտնելով, որ պատերազմ տեղի չունենար, փաստօրէն կ՛ակնարկէ պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան մասին: Խնդիրը այս պարագային ոչ թէ պատերազմի վերսկսման իրողական հաւանականութեան ահազանգն է, այլ նախապատերազմական հան-գրուանը կայացած ըլլալու վտանգի ահազանգումը՝ ընդգծելու համար Միացեալ Նահանգներու միջնորդական աշխատանքի ստանձնման անհրաժեշտութիւնը:
Պարզ է, որ ամերիկեան շահագրգռութիւնը ինչպէս հայ-թուրք յարաբերութիւններու, այնպէս ալ արցախեան թղթածրարին նկատմամբ կը բխի Իրանի նկատմամբ Ուաշինկթընի վարած շրջանային քաղաքականութեան թելադրանքներէն: Եթէ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրան բացումի պահանջը իրանեան ուղիին հակակշռումի տրամաբանութենէն կը մեկնի, որուն համար ալ Ուաշինկթըն կը շարունակէ յայտարարել, որ յարաբերութիւնները աննախապայման բնոյթով պէտք է զարգացնել, ապա Արցախի հարցով խաղաղապահ ուժերու տեղակայման պահանջը փաստօրէն Իրանի սահմաններու վերահսկողութեան միտող քայլ է:
Հիմա, դէպքերը այնպէս կը զարգանան, որ Ուաշինկթըն կը զգուշացնէ կողմերը պատերազմի վերսկսումէն, կը շեշտէ, որ դէպքերու ներկայ ընթացքը կրնայ յանգիլ անկանխատեսելի հետեւանքներու, առ այդ՝ պէտք է ընդունիլ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան բարձրացման առաջարկը: Աւելի՛ն, յստակօրէն կը նախատեսէ, որ Փարիզի մէջ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի արձանագրուին նոր մօտեցումներ:
Հետաքրքրական է, որ Երեւանի մէջ այս յստակացումները կը բացակայէին: Շփման գիծին վրայ դէպքեր պէտք է արձանագրուէին եւ շարունակուէին ոչ ընթացիկ տարողութեամբ, որպէսզի Քլինթըն նման ահազանգներ հնչեցնէր:
Իրանը դարպասելու ամերիկեան այս աճապարանքին դիմաց կը նկատուի ռուսական առնուազն ոչ խանդավառ պահուածք: Ռուսական կողմէն նկատուած համեմատական կրաւորականութիւնը մտածել կու տայ, որ Փարիզի հանդիպումը Ուաշինկթընի առաջադրած նոր մօտեցումներուն առումով հիմնական համաձայնութիւններու չի յանգիր: