ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Անցեալի փառքով ապրող, անցեալը դրամագլուխի վերածած մարդոց գործելու ժամանակը փակուած կը նկատէ ներկայի քաղաքակիրթ աշխարհը: Ամէն մարդ իր արժանիքը պիտի կերտէ, ու անով արժեւորուի: Այլապէս պարտադիր յարգանքը, կամ կեղծ պատկառանքը կրնան ժխտական անդրադարձ ունենալ ընկերութեան կեանքին վրայ:
Ոմանք արտաքին տեսքին կարեւորութիւն տալով, ըստ այնմ կը դատեն: Նոյնիսկ յարգանքի որոշ մաս, այդպիսիներ կը վերապահեն արտաքին տեսքին: Արեւելեան ժողովրդային իմաստութեան օրինակ հանդիսացող ագշէհիրցի իսլամ կրօնաւորը խրախճանքի հրաւիրուած ըլլալով, երբ բացառիկ յարգանք կը տեսնէ իր շուրջ, հրամցուող ճաշերու ամանները բռնելով կը մօտեցնէ զգեստին, ու կ՛ըսէ.
_ Հրամմէ՛, կե՛ր, այս ամբողջ պատիւը քեզի համար է:
Հաստատութիւններու, հիմնարկներու, մեծ թէ փոքր ընկերութիւններու տարազները, մանաւանդ կրօնաւորական տարազները, բոլոր կրօններու պարագային, բացառիկ յարգանքի կ՛արժանանան պաշտօնական բոլոր կառոյցներու կողմէ: Ոմանց տարօրինակ կերպն է յաճախ, որ փողոցի անարգանքին, կամ տգէտներու ծաղրանքի առարկան կը դառնայ, կարճ ժամանակուան համար:
Զինուորը իր տարազին նկատմամբ ունեցած յարգանքով կը բարձրանայ, ու տարազին հետ իր անձը նոյնացնելով կը յարգուի: Այսպէս կը սորվեցնեն նորընծայ բանակայիններուն, երբ անոնց կը յանձնեն այն կապոցը, որուն մէջ խնամքով ծալլուած կ՛ըլլայ զինուորական տարազը:
Բարձրաստիճան եկեղեցականներէն մէկը հրապարակաւ յանդիմանեց այն աշխարհականը, որ համարձակած էր իր հոգեւորական երիտասարդ ընկերոջ ուսին դնել ձեռքը, մտերիմ բարեկամութիւն ցուցաբերելու համար: Սքեմին նկատմամբ յարգանքը շատ մեծ էր այդ տարեց հոգեւորականին մօտ, որուն կեանքը սքեմին հետ շաղախուած էր:
Ոմանք ալ այնքան կը նոյնանան իրենց տարազին հետ, որ բուն մարդը կը կորսուի այլեւս: Իսկ ուրիշներ, երբեմն հրաժարելով իրենց նախկին հանգամանքէն, դեռ անոր մէջ կը զգան իրենց անձը, նոյնիսկ այն յարգանքը ակնկալելով հանրութենէն, զոր կը ստանային անցեալին: Զինուորականներու պարագային շատ զգալի կ՛ըլլայ այս, երբ մանաւանդ տարիքի բերմամբ հանգստեան կոչուին: Հեռատեսիլի յայտագիրներէն եւ կամ քաղաքական վերլուծումներու համար անոնք կը հրաւիրուին յաճախ, եւ այնպիսի ոճով կը խօսին, որ իբրեւ թէ տակաւին նոյն դիրքը եւ հանգամանքը կը զբաղեցնեն բանակին մէջ:
Հետեւեալ դրուագը կրնայ որոշ յստակեցում բերել, տարազի նկատմամբ յարգանքի աստիճանաչափին, ժամանակին, առիթին, եւ վախճանին մասին: Պատմութեան մէջ յիշուած քաղաքին ոստիկանապետը հանգստեան կը կոչուի: Անիկա ծանօթ էր իր անգութ եւ դաժան նկարագրով, որ ըստ իրեն «օրէնքի ծառայութիւն» իբրեւ կը թարգմանուէր: Այսինքն ան համոզուած էր, թէ ինք այդ խստութեամբ օրէնքն է որ կը գործադրէր: Նոյնիսկ անխտրաբար ան բազմաթիւ առիթներով տուգանած էր իր իսկ թաղեցիները, որոնք միշտ ալ խնդրամատոյց կ՛ըլլային իրեն, տարբեր աչքով նայելու գէթ համաթաղեցիներուն, եւ ներելու երբեմն սպրդած սխալները: Սակայն ոստիկանապետը բնաւ կարեւորութիւն չէր ընծայեր ծանօթներու կատարած միջամտութիւններուն, եւ ընդհակառակը՝ աւելի՛ խիստ պատիժներու կ՛ենթարկէր իր ծանօթները:
Եկաւ ժամանակ, երբ ոստիկանապետը հանգստեան կոչուեցաւ: Մէկ սխալ թերեւս գործեց, այն էր՝ նոյն թաղին մէջ շարունակեց բնակիլ: Թաղեցիներուն համար սկզբնական շրջանին տարօրինակ էր զինք տեսնել սովորական քաղաքացիի զգեստով: Ոմանք նոյնիսկ կը շարունակէին ակնածիլ իրմէ, կարծելով թէ ան կրնայ տուգանել կամ պատժել զիրենք: Սակայն հետզհետէ վարժուեցան, եւ հասաւ օր, երբ ո՛չ ոք կը յարգէր զինք այլեւս: Սովորական բարեւ տուո՛ղ ալ չմնաց իրեն: Մարդը սկսաւ նեղանալ, նոյնիսկ բարկանալ, որ իրեն պէս տարիներո՜ւ ծառայութիւն ունեցող մէկը ինչո՞ւ պիտի չյարգուի:
Ճիշդ կողքի դրացին, որ առ ի քաղաքավարութիւն բարեւը չէր կտրած անկէ, երբ զգաց այս մարդուն տագնապը, բարեկամաբար մօտենալով յիշեցուց թէ ի՜նչ դաժան եղած էր ինք ամէնուն նկատմամբ: Սակայն մարդը չէր ուզեր հասկնալ ըսուածները, եւ դեռ կը պնդէր, ըսելով թէ ինք օրէ՛նքը գործադրած էր:
Դրացին երկար համբերելէ ետք բազմաթիւ անգամներ իր լսած ինքնարդարացումներուն, անոր պատմեց բարոյալից հետեւեալ պատմութիւնը, որուն մէջ օրէնքին ժամանակաւոր հանգամանքը կը ներկայացուի: Ան ըսաւ.
Անտառին շատ մօտիկ ապրող գիւղացին, իր ախոռին մէջ մէկ հատ էշ ունէր: Օրին մէկը դուռը բաց մոռցած ըլլալով, էշը ուղղակի անտառ մտաւ: Հոս ու հոն արածած ժամանակ կորսուեցաւ անտառին խորերը: Խոտ կերած ատեն, յանկարծ գլխուն սատկած այլ կենդանիի մորթ փաթթուեցաւ: Էշը ինչքան շարժեց գլուխը, չկրցաւ այդ մորթը վար ձգել: Նոյնիսկ չիմացաւ թէ ի՞նչ էր այդ: Բարեբախտաբար աչքերուն մասը բաց մնացած էր: Ուստի կամաց-կամաց անիկա վերադարձաւ իր տունը: Հազիւ գիւղին մօտեցած, տեսաւ բոլոր իրեն ծանօթ կենդանիները, դրացի ագարակներու, որոնք յարգանքով կը մօտենային իրեն: Դուն մի ըսեր, սատկած առիւծի մորթ փաթթուէր էր խեղճին գլխուն, եւ միւս կենդանիները միշտ ակնածելով առիւծէն, սկսան յարգանք տածել իրեն նկատմամբ, իբրեւ անտառին թագաւորը…: Բայց էշը ինք զարմացած էր, առանց իմանալու թէ ի՞նչ կը կատարուի, ինչո՞ւ զինք այդքան կը յարգեն: Քիչ ետք, երբ կը ծարաւի, կը մօտենայ ջուրին, եւ երբ կը ծռի խմելու, յանկարծ գլուխէն կ՛իյնայ առիւծի մորթը: Շուրջը հաւաքուած կենդանիները կը սկսին ծիծաղիլ, եւ նոյնիսկ իրենց տգիտութիւնը ձաղկել, ըսելով. չիմացանք, առիւծ չէ եղեր ասիկա…:
Յարգանքը անպակաս պէտք է ըլլայ մարդոց կեանքէն: Սա մարդկային փոխյարաբերութեան առաջին կանոնն է: Սակայն, միշտ ա՛նձն է որ պէտք է յարգուի նախ, եւ ապա՝ անոր հանգամանքը: Լա՛ւ, ոմանք կրնան առարկել, ըսելով թէ հանգստեան կոչուելէ ետք ինչո՞ւ չյարգուի անձը: Հարց կը ծագի, թէ պէ՞տք է յարգել դեռ այդ անձը: Պատասխանը իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ մարդ գտած պէտք է ըլլայ արդէն.
_ Իբրեւ այսինչ անհատ, պէ՛տք է յարգուի, երբ մանաւանդ իբրեւ մարդ ինք իր անձին նկատմամբ յարգանք ունի: Սակայն ո՛չ այն հանգամանքով, որ անցեալին ունէր: Այլապէս իր տարազն է որ կը յարգուի, ինչպէս եղաւ ագշէհիրցի իսլամ կրօնաւորին, կամ առիւծին մորթը պատահաբար գլխուն փաթթուած երկարականջ կենդանիին:
Ինչքա՜ն պիտի կրկնուի դեռ ծանօթ առածը, որ մեր ժողովուրդը զանազան առիթներով այդքան կը սիրէ յիշեցնել.
_ Յարգէ՝ որ յարգուիս: