
Հայ Տպագրութեան 500ամեակին Նուիրուած Զարգացման Մրցում
Հայ տպագրութեան 500ամեակը արժանավայել ձեւով նշուեցաւ ՀՕՄի մեծ ընտանիքէն ներս: ՀՕՄի Վարժարաններու խնամակալ մարմինը այս հպարտալի առիթին համար երկու յատկանշական ձեռնարկներ կազմակերպած էր. անոնցմէ առաջինը իւրայատուկ սեմինար մըն էր՝ կազմակերպուած ՀՕՄի վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն եւ բարձր կարգի աշակերտութեան համար, որ տեղի ունեցաւ 3 Մարտ 2012ին, գլխաւոր դասախօս ունենալով Հայ կաճառի արժանաւոր զաւակ Րաֆֆի Սէթեանը:
Երկրորդ նախաձեռնութիւնը ՀՕՄի միջ-վարժարանային զարգացման մրցում մըն էր, որ կազմակերպուած էր ակնարկուած սեմինարի լոյսին տակ. ընթացքին ներկայացուած նիւթերու մասին Խնամակալ մարմինը հարցարաններ պատրաստած եւ յանձնած էր ՀՕՄի վարժարաններուն, որպէսզի լաւապէս սորվին Հայ գիրքի տպագրութեան առնչուող պատմութիւնը:
Զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Մայիս 2012ին, կէսօրէն առաջ ժամը 10:30ին, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ: Ան նուիրուած էր Յակոբ Մեղապարտին եւ պատրաստուած էր ՀՕՄի վարժարաններու բարձր կարգի աշակերտութեան համար:
Սրահի կեդրոնը պաստառի վրայ նկարուած ՀՕՄի խորհրդանիշը, Յակոբ Մեղապարտի դիմանկարն ու հայ լեզուն յաւերժացնող հայկական Այբուբենը, մեծապէս կը տպաւորէին սրահ մուտք գործողները եւ շատ բան կ՛ըսէին աշակերտական այս ձեռնարկի կարեւորութեան մասին:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ՝ ՀՕՄի Վարժարաններու խնամակալ մարմինին անունով ներկաները ողջունեց ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանը, որ նաեւ ձեռնհասօրէն վարեց մրցումը: Ան բացատրելէ ետք ձեռնարկին նպատակը, վստահեցուց ներկաները, թէ նման ծրագիրներ ոչ միայն կը միտին հայ աշակերտին ծանօթացնել ՀՕՄի առաքելութիւնը, այլ նաեւ կը նպաստեն ՀՕՄի վարժարաններու վերելքին եւ միջ-վարժարանային կապերու սերտացման:
Խիստ հետաքրքրական այս ձեռնարկին մօտէն կը հետեւէին Շրջանային վարչութեան եւ ՀՕՄի Վարժարաններու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մրցումին մասնակցող վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցչուհիներ եւ ծնողներ:
Մրցումին մասնակցեցան ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր», Կլենտէյլի «Սիփան», Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» եւ Լա Գրեսենթայի «Թալին» մասնաճիւղերու Շաբաթօրեայ վարժարաններու բարձրագոյն կարգի աշակերտները, որոնք գոյներու անուններով խումբերու բաժնուած՝ կարգապահութեամբ պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն: Մրցումի դատական մարմինի պարտականութիւնը վստահուած էր ընկերուհիներ Սեդա Յակոբեանի, Աստղիկ Շիթիլեանի եւ Ռուզանա Ուլիկեանի:
Իւրաքանչիւր խումբի ուղղուած հարցումը եւ այնուհետեւ ճիշդ պատասխանը կը ցուցադրուէր նաեւ պաստառին վրայ: Հարցումներու սպառումէն ետք, խումբերու ստացած կէտերը հետեւեալ պատկերը պարզեցին.
* ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի կարմիր խումբը՝ 80, իսկ նարնջագոյն խումբը՝ 55 միաւոր.
* ՀՕՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղի դեղին խումբը՝ 55 միաւոր.
* ՀՕՄի Գրեսենթա Հովիտի «Թալին» մասնաճիւղի կանաչ խումբը՝ 50 միաւոր.
* ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի կապոյտ խումբը՝ 45 միաւոր:
Ձեռնարկի աւարտին, Խնամակալ մարմինը, զարգացման մրցումի բոլոր մասնակիցները գնահատեց՝ իւրաքանչիւրին յանձնելով յատկանշական մետալ մը:
Իրենց զոհաբերութեանց եւ ստանձնած սուրբ գործին համար բարձր գնահատուեցան եւ յատուկ գնահատագիրներ ստացան նաեւ ՀՕՄի վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը: Պէտք է ընդգծել, թէ ակնարկուած տնօրէնները նաեւ ուսուցիչի դեր կը կատարեն իրենց վարժարաններէն ներս: Այսպէս, գնահատագիրներ ստացան ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէններ՝ Գէորգ Պետիկեան («Թալին»), Սիլվա Գրիգորեան («Սիփան»), Աշխէն Փափազեան («Անահիտ»), ինչպէս նաեւ՝ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի ուսուցչուհիներ Յասմիկ Խաչատրեան, Սիրան Յարութիւնեան ու Կարինէ Միքայէլեան, եւ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի ուսուցչուհի Սօսի Քէօսէեան: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ հիւրընկալ ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղին կողմէ:
Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն՝ անգամ մը եւս համոզուելով, թէ ՀՕՄը այն կազմակերպութիւնն է, որ անշեղօրէն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ՝ միշտ կառչած մնալով իր հիմնադիրներու հաւատքին եւ ուղիին:
ՀՕՄը, իր այս ձեռնարկով անգամ մը եւս ապացուցեց հայ դպրոցի եւ հայ աշակերտի ազգային դիմագիծին նկատմամբ ունեցած իր գիտակցութիւնը:
«Պէտք է ընդունիլ, որ բարձր մակարդակի վրայ կատարուած աշխատանք մըն էր այսօրուան զարգացման մրցումը: Հպարտալի է, որ մեր աշակերտները լաւ սորված էին հրամցուած բաւական դժուար հարցումները եւ ինքնավստահութեամբ պատասխանեցին անոնց», ձեռնարկի աւարտին գոհունակութեամբ ընդգծեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Կրթական յանձնախումբի պատասխանատու Արուսեակ Մելքոնեանը:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՕՄի Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինէն)