
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Յունիս 12ին, Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանատունը, երկիրի պետական տօնին առիթով՝ Ռուսիոյ օրուան նուիրուած, պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր: Ելոյթ ունենալով արարողութեան ընթացքին՝ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխին ընդգծած է, թէ ատրպէյճանա-ռուսական կապերը հասած են ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ դիւանագէտը նշած է, որ Ռուսիա այդ տագնապի լուծման համար ջանքերը կը շարունակէ: «Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը Ռուսիոյ համար կը մնայ առաջնահերթ հարց մը», ըսած է Տորոխին:
Ընդունելութեան ներկայ եղած Ատրպէյճանի արդարադատութեան նախարար Ֆիքրեթ Մամետով, Ռուսիոյ պետական տօնին առթիւ փոխանցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի շնորհաւորանքը:
Ընդունելութեան ներկայ եղած են նաեւ երեսփոխաններ, կրօնական դաւանանքներու ղեկավարներ, Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ եւ այլ պաշտօնատարներ: