ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 20ին ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի զինուոր՝ Արամ Գիւլնազարեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական Ծառայութիւն» շքանշանով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.