
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Յունիս 19ի յետմիջօրէին աւարտած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան

նշանակուած Ռիչըրտ Մորնինկսթարի հարցաքննութիւնը՝ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ, որուն ընթացքին ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըր եւ Ռապըրթ Մենենտեզ շարունակած են լուսարձակի տակ պահել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Պաքուի որդեգրած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Ջուղայի մէջ հայկական գերեզմանոցի քանդումը:
Ծերակուտականներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Մորնինկսթար վերահաստատած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերուն ուղղուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այն յայտարարութիւնը, ուր զսպուածութիւն ցուցաբերելու, 1994ին ստորագրուած զինադուլի համաձայնագիրին պարտաւորութիւնները յարգելու եւ տագնապին խաղաղ կարգաւորման նպատակաուղղուած անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու կոչեր կ՛ըլլան:
«Դեսպանի պաշտօնին նշանակուելու պարագային, պիտի փորձեմ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ Ռապըրթ Պարտթքիին նպաստել, որ համոզենք Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ յարգելու զինադադարի պայմանները»:
Պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերջերս կատարուած «Ատրպէյճանի թշնամիները աշխարհի հայերն են» յայտարարութեան մասին Պաքսըրի կատարած մէկ հարցումին՝ Մորնինկսթար յայտարարեց, թէ յատուկ ջանք պիտի թափէ զսպելու համար «անպատասխանատու հռետորական յայտարարութիւնները»:
Անգամ մը եւս անդրադառնալով Ատրպէճանի կողմէ æուղայի մէջ քանդուած հայկական գերեզմանատան հարցին՝ Մորնինկսթար խոստացած է կարելին ընել գերեզմանատուն այցելելու համար եւ շեշտելու Ատրպէյճանի կառավարութեան, թէ երկիրին մէջ գտնուող հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերու պահպանումը իր պարտականութիւնն է:
Ծերակուտականները նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են Ատրպէյճանին ծախուող ռազմական սարքաւորումներուն նկատմամբ:
Քննարկման աւարտին, յանձնախումբը վաւերացուցած է Մորնինկսթարի նշանակումը: Դեսպանին նշանակումը պէտք է վաւերացուի նաեւ Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըրի եւ Ռապըրթ Մենենտեզի, որ կը շարունակեն լուսարձակի տակ պահել հայութիւնը յուզող վերոնշեալ հարցերը: