
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Էրեբունի ամրոցի միջնաբերդին մէջ պեղումներ կատարող հայ-ֆրանսական արշաւախումբը աւարտելով աշխատանքներու ամառնային շրջանը՝ ամփոփած է ցարդ իր յայտնաբերած տեղեկութիւնները։ Արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան՝ ներկայացուցած է Էրեբունիի մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան նախորդ տարիներուն փորձառութիւնը եւ այս պեղումներուն նպատակը: Բարձր գնահատելով 1950-60ական թուականներուն հնավայրին մէջ գործող հնագիտական արշաւախումբերուն ձեռք ձգած արդիւնքները, մասնաւորապէս ճարտարապետ Կոստանդին Յովհաննիսեանի վաստակն ու ջանքերը, որոնք առիթ տուած են Երեւանը ներկայացնելու աշխարհի հնագոյն մայրաքաղաքներու շարքին՝ Գիւրջեան նշած է, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին կատարուած հնագիտական հետազօտութիւնները որոշակի շտապողականութեամբ տեղի ունեցած են եւ ամրոցի ճարտարապետութեան վերաբերող մեծ թիւով հարցումներ տակաւին նոր պատասխաններ կը ստանան։ 5 Յունիս 2012ին սկսած հայ-ֆրանսական հնագիտական պեղումներուն պատկերը մանրամասնօրէն ներկայացուցած է ֆրանսական արշաւախումբի ղեկավար Ստեֆան Տեշամփը, իսկ յայտնաբերուած խեցեղէնի վերլուծութիւնը՝ արշաւախումբի անդամ Ֆրանսուա Ֆիշէ Տը Քլերֆոնթենը: Մասնագէտները շեշտը դրած են այն երեւոյթին վրայ, որ այս տարուան պեղումները պիտի օգնեն լուսաբանելու Ուրարտուի կործանումէն մինչեւ Աքեմենեան տիրապետութիւն երկարող ժամանակաշրջանը, այսինքն շուրջ մէկ դարու դէպքերը, որոնք կարելիութիւն պիտի տան Հայաստանի պատմութեան այս էջը գրելու: Անոնք հաստատած են, որ Իրանի տարածքին մէջ պահպանուած աքեմենեան մեծ թիւով յուշարձաններու հետ Էրեբունիի պեղումներէն յայտնաբերուածներուն գիտական բաղդատութիւնները առիթ կու տան ենթադրելու, որ Ուրարտուի կործանումէն ետք կեանքը շարունակուած է ամրոցին մէջ։
Արգելոց-թանգարանի տնօրէնի տեղակալ, պեղումներու հայկական կողմի ղեկավար Արաքսի Մեշինեան կարեւոր նկատած է պեղածոյ նիւթերու մշակման եւ սահմանուած կարգով արգելոց-թանգարանին յանձնման գործընթացը՝ նշելով, որ ներկայիս արդէն թանգարանի տրամադրութեան տակ կը դրուին նախորդ տարիներուն Էրեբունի ամրոցին մէջ պեղումներ կատարած հայ-ամերիկեան արշաւախումբի յայտաբերածները: Ֆրանսացի հնագէտ Ստեֆան Տեշամփ կատակով յայտնած է նաեւ, որ՝ «դատելով ամրոցէն յայտնաբերուած խեցեղէնի տեսքէն եւ որակէն, կարելի է ըսել, որ ուրարտացիները ապրած են շքեղ կեանք մը, եղած են ճաշակով, սիրած են գինի կամ գարեջուր խմել»: