Աբովեան փողոցին մէջ նախապէս գործող «Միլանօ» խանութի սեփականատէր Յովհաննէս Ղուկասեան այլեւս յոյս չունի արդարութիւն գտնելու Հայաստանի դատական ատեաններուն մէջ. արդարեւ, ան վերջերս դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Ան դատ ներկայացուցած է «հանրային գերակայ շահի» պատճառաբանութեամբ իր սեփականութիւնը գրաւելու կառավարութեան որոշման դէմ:
Յիշեցնենք, որ խանութի տարածքը 2009ին գրաւուած էր, սակայն այդ տարիներուն պետութիւնը այդտեղ ոչ մէկ հանրօգուտ ծրագիր կատարած է եւ չորս տարիէ ի վեր անգործածելի վիճակի մէջ է։
Մինչդեռ «Պետական եւ հասարակական կարիքների համար տարածքի օտարման մասին» Հայաստանի օրէնքի համաձայն, եթէ ձեռք ձգուած տարածքին մէջ նոր սեփականատէրը երկու տարուան ընթացքին նոր ծրագիր չէ կատարած, ան կը կորսնցնէ սեփականութեան իրաւունքը եւ անիկա կը վերադարձուի իր նախկին տիրոջ։ Այս օրէնքին համապատասխան յօդուածով հիմնաւորուելով՝ Հայաստանի քաղաքացին դիմած է միջազգային դատական ատեան: