
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական թեկնածու Վիտալի Բալասանեան 28 Յունիսին այցելած է Ասկերանի շրջանի կարգ մը գիւղեր, ուր ներկայացուցած է իր նախընտրական ծրագիրը, որ կը կրէ «Հերոս ժողովրդին՝ հերոս նախագահ» խորագիրը։
Բալասանեան ծնունդով Ասկերան քաղաքէն է եւ յետպատերազմական տարիներուն եղած է Պաշտպանութեան բանակի Ասկերանի պաշտպանական շրջանի հրամանատարը: Եւ մինչեւ օրս Բալասանեան այս շրջանի բնակչութեան համար «կամանդիր» է:
«Կամանդիր»ը կ՛ուզէ, որ իր նախկին զինակիցներն ու անոնց ընտանիքները, հարազատներ, դրացիները ապրին արժանավայել կեանք, կ՛ուզէ, որ օրէնքի գերակայութիւնը տիրական ըլլայ Ղարաբաղի մէջ, կ՛ուզէ, որ սահմանը պահող զինուորը անխոցելի ըլլայ, կ՛ուզէ, որ երիտասարդը չհեռանայ գիւղէն, իսկ ծերերը ապրին այնպէս, ինչպէս կառավարութեան ղեկավարները:
«Քատրային քաղաքականութիւնը խնամի-բարեկամ խաղ պիտի չանի, կառավարութիւնը շքեղութիւն թոյլ պիտի չտայ, գումարներ պիտի չշռայլի, թոշակը 35 հազար պիտի չլինի մէկինը, մէկինը լինի 400 հազար՝ սա սոցիալական անարդարութիւն է», ասկերացիներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին յայտարարած է նախագահի ընդդիմադիր թեկնածուն՝ աւելցնելով. «Եթէ ուզում էք փոխել ձեր կեանքը, դուք ունէք դրա հնարաւորութիւնը: Եթէ չէք ուզում փոխել՝ ուրեմն պէտք չէ բողոքել»:
Նշենք, որ նախագահական թեկնածու, պատգամաւոր Վիտալի Բալասանեանը, որ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ է, 28 Յունիսին հեռացուեցաւ խմբակցութենէն։ Դաշնակցութիւնը նախապէս որոշած էր նախագահական ընտրութիւններուն չսատարել Բալասանեանին եւ աջակցութիւն յայտնած է գործող նախագահ Բակօ Սահակեանին: