«Գիտելիքով զինուած մարդն անպարտելի է» նշանաբանով 1993 թուականէն ի վեր Հայ Օգնութեան Միութիւնը դրամական քաջալերական օժանդակութիւն կը յատկացնէ համալսարաններուն մէջ ուսանողներու։
Այս տարի այդ խրախուսանքին արժանացած են Հայաստանի տարբեր մարզերէն 56 ուսանող, որոնց ընտրութիւնը կատարած են ՀՕՄի տարածքային կազմակերպութիւնները: Միութեան շրջանային վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստեանի համաձայն, այս մրցանակին համար կ՛ընտրուին զոհուած ազատամարտիկներու, երկկողմանի ծնողազուրկ, նաեւ ընկերային անապահով ընտանիքներու այն զաւակները, որոնք իրենց ուսման ընթացքին մնայուն յառաջդիմութիւն արձանագրած են։
ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ 27 Յունիսին տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Սիմոն Սիմոնեանը, որ յաջողութիւն մաղթած է ուսանողներուն եւ յոյս յայտնած, որ զինուելով կայուն գիտելիքով՝ անոնք հետագային իրենց նպաստը կը բերեն մեր երկրի զարգացման: