ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 27 Յունիսին ընդունած է «Երիտասարդներու քրիստոնէական ընկերակցութիւն» (YMCA) միջազգային պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ընկերակցութեան եւրոպական կառոյցներու գլխաւոր քարտուղար Խուան Սիմոս Իկլեսիաս, Հոլանտայի կառոյցներու գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Մերինօ եւ Միացեալ Նահանգներու կառոյցներու գլխաւոր քարտուղար Սիս Պրեմմըր: Պատուիրակութեան միացած էր նաեւ ընկերակցութեան Արցախի կառոյցի ղեկավար Դաւիթ Մելքումեան:
Պատուիրակութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ եկած է ճանաչողական այցելութեամբ եւ անոր ստացած առաջին տպաւորութիւնները բաւական գոհացուցիչ են, հիւրերը համառօտ կերպով բնութագրած են ընկերակցութեան նպատակները, գործունէութիւնը, տարածուածութիւնը: Անոնց համաձայն, ընկերակցութիւնը, որ հիմնադրուած է 1844 թուականին Լոնտոնի մէջ, Ճորճ Ուիլիըմզի կողմէ, աշխարհի մեծագոյն երիտասարդական կազմակերպութիւնն է: Մասնաւորաբար Եւրոպայի մէջ անիկա կը գործէ աւելի քան 6000 քաղաքի ու գիւղի մէջ՝ 45 տարածաշրջանային կառոյցով, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր անդամներուն թիւը 21 միլիոնի կը հասնի:
Ողջունելով հիւրերը՝ Ազգային ժողովի նախագահը պատուիրակութեան տուած այցելութիւնը կարեւոր նկատած է. ան հաստատած է, որ Արցախի իշխանութիւնները պատրաստակամ են խրախուսելու միջազգային հասարակական կառոյցներու, մանաւանդ՝ երիտասարդական ուղղուածութիւն եւ թիրախ ունեցողներու, որոնց կարգին Երիտասարդներու քրիստոնէական ընկերակցութեան կապերը Արցախի երիտասարդական դաշտին հետ:
Զրոյցին ընթացքին արծարծուած են միջազգային հասարակական կառոյցներուն հետ Արցախի երիտասարդական կազմակերպութիւններուն հետագայ համագործակցութեան ուղիներն ու միջոցները, նաեւ լուսարձակի տակ առնելով Երիտասարդներու քրիստոնէական ընկերակցութեան կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ եղած են Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի փոխնախագահ Վարդգէս Բաղրեանը: