
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմենիա Նաու».– «Եուրօ-2012» մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրէն՝ Լեհաստանէն վերադառնալէ ետք Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ըսած է, որ կրցած է ուսումնասիրել Սեպտեմբերին մեկնարկելիք ՖԻՖԱի 2014ի աշխարհի առաջնութեան ընտրական Պի. խումբի հիմնական մրցակիցներու բոլոր «ուժեղ եւ թոյլ» կողմերը:
Պի. խումբի մրցակիցներէն երեքը՝ Իտալիան, Չեխիան եւ Դանիան, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայի ընթացիկ առաջնութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Լեհաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ: Հայաստանի միւս մրցակիցներն են Պուլկարիան եւ Մալթան:
Մինասեանն ու անոր օգնականները վերջերս կը գտնուէին Լեհաստան՝ ՈՒԵՖԱի «Փրօ» մարզիչներու արտօնագիրի ձեռքբերման դասընթացքին հանգրուաններէն մէկուն մասնակցելու նպատակով։ Անոնք նաեւ առիթ ունեցած են հետեւելու Հայաստանի մրցակիցներուն խաղերուն։
26 Յունիսին Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հարցազրոյցին մէջ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչը դիտել տուած է, որ լաւագոյն տպաւորութիւնը ձգած է Իտալիան:
«Ի հարկէ գիտէի, որ Իտալիայի ազգային հաւաքականը շատ կազմակերպուած եւ թաքթիքապէս յագեցած թիմ է, բայց հիմա տեսնելով ընդհանուր պատկերը, վերլուծելով նրանց խաղը՝ դրանում աւելի համոզուեցի: Իտալիայի ազգային հաւաքականն աշխարհի այն եզակի թիմերից է, որը կարողանում է խաղալ՝ ապահովելով իր համար անհրաժեշտ հաշիւը», նշած է Մինասեան:
Մինասեան նաեւ դրուատած է Չեխիոյ եւ Դանիոյ հաւաքականները, որոնք Եւրոպայի ախոյեանութենէն դուրս մնացած էին սկզբնական հանգրուաններուն։ «Այս մրցաշարը նրանց (չեխերի) համար մեծ փորձ էր, քանի որ երիտասարդ թիմ է Չեխիայի հաւաքականը: Լաւ տպաւորութիւն թողեց յատկապէս յարձակման գծում, յատկապէս եզրերում։ Ինչ վերաբերում է Դանիայի հաւաքականին, ապա դանիական թիմը, պէտք է ասեմ, ընդգծուած առաջատար չունէր, սակայն հաւասար թիմ էր, լաւ էր խաղում, թիմային բարձր արագութեամբ»:
«Չգիտեմ յետոյ ինչ կը լինի, ինչ փոփոխութիւններ կը լինեն նրանց թիմերում կամ մարզչական կազմերում, սակայն նրանց ուժեղ ու թոյլ կողմերի մասին այս պահի դրութեամբ ճիշդ պատկերացում ունենք», եզրափակած է Հայաստանի հաւաքականի մարզիչը: