«Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը հրաւիրէ բոլոր անոնք, որոնք կարողութիւնը ունին տեսախցիկ գործածելով նկարահանելու՝ առաւելագոյնը 5 վայրկեան տեւողութեամբ խիղճի մասին ժապաւէն մը:
Անոնք, որոնք այս հրաւէրը ընդունին եւ իրենց տեսախցիկը ուղղեն իրենց խիղճին, կրնան իրենց ֆիլմերը տեղադրել www.filmsaboutconscince.org կայքին վրայ՝ մինչեւ Սեպտեմբեր 15, 2012: Ոճի սահմանափակումներ չկան:
2012ի դատակազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն. Ալին Թաշճեան, Արզու Պաշարան, Էրիք Պօղոսեան, Հիւլիա Ուչարան, Մարքօ Պեչիս, Ռաքել Տինք, Ռահել Էրտեմ եւ Ռոպին Քիրք:
Մասնակցութեան պայմաններու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու մասին իմանալու կամ նախորդ տարիներու ժապաւէնները դիտելու համար, այցելել www.filmsaboutconscince.org կայքը: