ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Յունիսին ընդունած է Արցախի մէջ գտնուող Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ, ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի գիտութեան բնագաւառի ներկայ վիճակը ու զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող մեծ թիւով հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է գիտական հետազօտութիւններու ոլորտին եւ անոնց կիրառման հեռանկարներուն:
Նախագահ Սահակեան շեշտած է, որ այս գործընթացին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի գիտական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հետ փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնումը:
Հանդիպումին մասնակցած են Արցախի հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեան եւ այլ պաշտօնատարներ։