
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի առողջապահութեան նորանշանակ նախարար Դերենիկ Դումանեանն, 28 Յունիսի կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն խնդրանքով անդրադարձած է «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրի անվտանգութեան աշխատակիցներուն կողմէ բժիշկները դաժան ծեծի ենթարկուելու դէպքին:
Նախարարը նշած է, որ շատ ծանր ու զգայուն վիճակի մէջ կը գտնուի Վահէ Աւետեանի բուժման ընթացքը, թէեւ առաւելագոյնը կը կատարուի եւ պատրաստակամութիւն կայ ամէն տեսակ օժանդակութիւն ցուցաբերելու։
Պատասխանելով այն հարցին, որ ինչո՞ւ կարգ մը բժիշկներ դէպքէն ետք բուժաշխատողի տօնը նշած են նոյնինքն «Հարսնաքար»ի մէջ՝ Դ. Դումանեան դիտել տուած է, թէ պէտք չէ երեւոյթը կապել վայրին հետ, քանի որ նոյն բանը կարելի էր ընել այլ վայրի մէջ։
Առողջապահութեան նախարարը յայտարարած է, որ կը դատապարտէ տեղի ունեցածը։ «Ես իմ աշխատանքի ընթացքում այս հարցերում շատ ուշադիր եմ լինելու, իմ քոլեկաները եւս, ինչպէս շատ-շատ մարդիկ անպաշտպան են մնում, բժիշկները գիշեր-ցերեկ աշխատում են, իրենց առողջութիւնը տալիս են դիմացինի կեանքը փրկելու համար, յանկարծ նման պատմութիւնների մէջ են ընկնում: Նախարարութիւնում պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձուի բուժաշխատողների իրաւունքների պաշտպանութեանը», ըսած է Դ. Դումանեանը:
Լրագրողներէն մէկը հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ դէպքին առնչութեամբ ոչ մէկ յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր առողջապահութեան նախարարութիւնը, ինչպէս կատարած էր Գիւմրիի մէջ շտապ օգնութեան բժիշկը ծեծելու պարագային. Դ. Դումանեան յայտնած է, որ յայտարարութիւններ կատարուած են, սակայն ոչ մամուլով։