
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թեր»չ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հինգշաբթի Յունիս 28ին Մարտակերտ շրջանային կեդրոնին մէջ մասնակցած է քաղաքի ազատագրման 19րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւններուն: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տարածած հաղորդագրութենէն:
Բակօ Սահակեան Մարտակերտի ազատագրումը որակած է իբրեւ «մեր ազգային-ազատագրական պայքարի ռազմական եւ քաղաքական կարեւորագոյն յաղթանակներէն մէկը»:
Այնուհետեւ, նախագահը պետական պարգեւներ յանձնած է Արցախեան ազատամարտի խումբ մը ազատամարտիկներու:
Տօնակատարութիւններուն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ ու հիւրեր՝ Հայաստանէն ու արտերկրէն: