ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Հայ Ազգային Կոնգրես» խմբակցութեան հրաւիրած վերջին նիստի օրակարգին վրայ եղած է Նիկոլ Փաշինեանը Էթիկայի յանձնաժողովին մէջ ընդգրկելու, ինչպէս նաեւ ՀԱԿի յառաջիկայ աշխատանքները համակարգելու հարցերը. այս մասին յայտնած է ՀԱԿի խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան:
Մասնաւորապէս, որոշուած է կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած եւ մեծ ու փոքր նստաշրջաններու օրակարգերուն ներառուած օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ խմբակցութեան տեսակէտը ներկայացնել յանձինս այն պատգամաւորին, որ ընդգրկուած է տուեալ նախագիծին համար գլխաւոր համարուող յանձնաժողովին մէջ:
Մասնաւորապէս տնտեսական նախագիծերու վերաբերեալ Կոնգրեսին տեսակէտները լիագումար նիստերուն ծաւալուող քննարկումներուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանը, արտաքին քաղաքական հարցերուն առնչուող նախագիծերու վերաբերեալ տեսակէտները՝ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեանը, իսկ պետական-իրաւական հարցերու վերաբերեալ՝ Գագիկ æհանկիրեանը:
Արամ Մանուկեան աւելցուց, որ այս «քննարկողները» նախագիծերուն վերաբերեալ իրենց եզրակացութիւնները պէտք է ներկայացնեն ոչ միայն ԱԺ լիագումար նիստին ընթացքին, այլեւ՝ ՀԱԿի խմբակցութեան կարծիքը ձեւաւորելու համար: