ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Արմաւիա» ընկերութիւնը Յուլիս 2էն պիտի վերականգնէ դէպի Հալէպ կանոնաւոր իր չուերթները: Թռիչքները պիտի կատարուին Երկուշաբթի օրերը: Այս մասին կը յայտնէ ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Յիշեցնենք, որ «Արմաւիա»ն կասեցուցած էր դէպի Սուրիա իր թռիչքները: Հայաստանի ու Սուրիոյ միջեւ ուղեւորներու փոխադրումները կը կատարէր եւ տակաւին կը շարունակէ կատարել սուրիական չուերթներու ընկերութիւնը, որուն մինչեւ երկու ամսուան տոմսերը սպառած են արդէն: