ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) առաւել կառավարելի եւ վերահսկելի դարձուցած է Ափրիկեան մայրցամաքի պետութիւններու քաղաքացիներուն եւ ճամբորդական փաստաթուղթեր ունեցող անձանց մուտքը Հայաստան: Այս մասին ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստին ըսած է ԱԱԾ տնօրէն Գորիկ Յակոբեան:
Վերջին շրջանին արձանագրուած է Ափրիկէի քաղաքացիներուն կողմէ Եւրոպա մեկնելու համար Հայաստանի տարածքը իբրեւ տարանցիկ գօտի օգտագործելու փորձերու թիւի աճ: Անոնք կը ժամանեն Հայաստան եւ կը մնան այնտեղ անօրինական կերպով, կամ ձեւական ստեղծուած ընկերութիւններու միջնորդութեամբ կը փորձեն ստանալ կեցութեան ժամանակաւոր կարգավիճակ, որուն հետեւանքով՝ անոնց հոսքը կրնայ դառնալ անկառավարելի եւ ստեղծել բազմաթիւ խնդիրներ՝ ինչպէս հասարակական, ժողովրդագրական, առողջապահական (նկատի ունենալով նշուած երկիրներուն մէջ ՁԻԱՀի (AIDS) եւ այլ վարակիչ հիւանդութիւններու տարածումը), այնպէս ալ քրէածին բնոյթի հարցեր, կը բացատրէ Գ. Յակոբեան:
Վերջինիս խօսքով, կառավարութեան որոշումի սոյն փոփոխութեամբ՝ Ափրիկեան մայրցամաքի 40 պետութիւններ կը մտնեն այն երկիրներու ցանկին մէջ, որոնց քաղաքացիները Հայաստան մուտքի արտօնագիր ստանալու համար, կրնան դիմել միայն օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններ ու հիւպատոսական հիմնարկներ, եւ միայն հրաւէրի մը հիման վրայ այդ քաղաքացիները հնարաւորութիւն պիտի ունենան մեկնելու Հայաստան ու ստանալու մուտքի արտօնագիր: