ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Պիլ եւ Մելինտա Կէյթս ընտանիքին մէջ վէճ կա՞յ արդեօք, թէ ինչպէ՞ս պիտի բաշխեն իրենց նուէրները հազարումէկ բարեսիրական ծրագիրներու: Հաւանաբար՝ ո՛չ: Բայց մեր տան մէջ, ամէն անգամ, երբ միլիոններ խոստացող վիճակատոմս առնենք, ես ու կինս կը վիճինք, թէ ինչպէ՞ս եւ ո՞վ պիտի բաժնէ գումարները՝ եթէ կամ (անսասան լաւատեսութեամբ) երբ շահինք:
Վէճը կը բխի գլխաւորաբար այն փաստէն, որ նոյնիսկ «Մեկա» վիճակախաղով շահուած գումարը բաւարար չըլլար մեր երկուքին նախատեսած բարեսիրութիւնները կամ գլխաւորաբար՝ ազգային, նաեւ անշուշտ մարդասիրական ծրագիրները իրականացնելու համար, եւ ուրեմն՝ ո՞վ պիտի որոշէ նախապատուութիւններու շարքը:
Այս նեղացնող վէճէն խուսափելու համար առինք վերջնական որոշում՝ որ շահուած գումարը կը կիսենք եւ իւրաքանչիւրս իր կէսի տնօրինումը կը կատարէ՝ ըստ իր նախապատուութեան:
Մենք կրնանք սպասել «Մեկա»ն շահող տոմսակին, բայց մեզի համար կարեւոր նկատուած որոշ կարիքներ նոյն շռայլը չունին, ու մինչ կը շարունակենք սպասել բախտի անիւի նպաստաւոր գլորումին, պարտք կը զգանք մեր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ մեր համեստ լումայով սատարել բարեսիրական եւ ազգային կառոյցներու կողմէ ձեռնարկուած ծրագիրներուն:
Հայկական թերթի մը տարածման սատար կանգնիլը, անոր բովանդակութեան հարստացման նպաստելը որքանո՞վ առաջնահերթ կրնայ նկատուիլ ոեւէ հայ ընտանիքի կամ անհատի համար: Եթէ կը գնահատենք ազգային լուրերու տարածումը, եթէ կ՛արժեւորենք ազգային իրականութեան մասին իրազեկութեան շրջանակներու ընդարձակումը, եթէ կը կարեւորենք գրաւոր խօսքի ազդեցութիւնը, ապա այս բոլորը իրականացնող թերթին աջակցիլը՝ առաջնահերթութեանց շարքին անցնելու իրաւո՛ւնքը կը ստանայ:
Երազելը ամօթ չէ: Եթէ շահինք «Մեկա»ն՝ որոշ հարցեր, որոնց շարքին «Ասպարէզ»ի եւ շատ ու շատ հայկական թերթերու հզօրացման խնդիրը հիմնովին կը լուծենք: Այժմ փորձենք աջակցիլ՝ ըստ մեր հնարաւորութեան: