ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արմաւիա» թռիչքներու ընկերութեան ներկայացուցիչները Մեծն Բրիտանիոյ «Ֆարնպորօ» օդանաւային ցուցահանդէսին ընթացքին «Էրպաս» եւ «Պոյինկ» ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած են հանդիպում մը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ «Արմաւիա»ն որոշած է ձեռք բերել «Էրպաս» եւ «Պոյինկ» տեսակի մէկական օդանաւ:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է «Արմաւիա» ընկերութեան բանբեր Նանա Աւետիսովան, նշեալ գործարքի մանրամասնութիւնները գաղտնի կը մնան ներկայիս եւ պիտի բացայայտուին միայն ցուցահանդէսի աւարտէն ետք:
Վերջերս «Արմաւիա» ընկերութիւնը հրաժարեցաւ «Սուխօ» ընկերութեան արտադրութեամբ օդանաւ մը ձեռք բերելու մտադրութենէն: Լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ այդ գործարքէն հրաժարելու պատճառը «Արմաւիա»ի ֆինանսական անկայուն վիճակն է: Նշենք, որ «Սուխօ» ընկերութեան հետ հայկական ընկերութիւնը պայմանագիր կնքած էր երկու օդանաւեր ձեռք բերելու շուրջ: Առաջին «Սուփըրճեթ» օդանաւը «Արմաւիա»ին արդէն իսկ յանձնուեցաւ 2011ի Ապրիլ 19ին, իսկ երկրորդը պէտք է ձեռք բերուէր այս ամիս: