
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լուսանկարիչ Լեւոն Բարեան պիտի ներկայացնէ իր մեծ հօր վերջերս հրատարակուած յուշերը՝ «Անապատի Ագռաւները՝ Լեւոն Եօթնախբարեանի Յուշերը» (Crows of the Desert: Memoirs of Levon Yotnakhparian), Երեքշաբթի, 24 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8ին, «Ապրիլ» գրախանութէն ներս՝ 415 E. Broadway in Glendale, CA:
Գիրքը կը պատմէ Լեւոն Եօթնախբարեանի յուշերը. երբ ան կը միանայ օսմանեան բանակին, ինքզինք կը գտնէ իր ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան դէմ յանդիման: Հազարաւոր անօգնական եւ որբացած հայերու օգնութեան հասնելու պայքարի պատմութիւնն է նաեւ վերոնշեալը:
Հարստացած պատկերներով, քարտէսներով եւ անգլիական ու արաբական բարձր հրամանատարութեանց վաւերագրութիւններով՝ սոյն պատմութիւնը կը կարդացուի նաեւ արկածախնդրութեան մը նման:
«Անապատի Ագռաւները՝ Լեւոն Եօթնախբարեանի Յուշերը» պիտի ներկայացնէ գիրքի խմբագիր, հեղինակին թոռը՝ Լեւոն Բարեանը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: