ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Շաբաթ 16 Յունիս, 2012ի առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէյլի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի Ամավերջի հանդէսը։ Աշակերտներու կատարողութեամբ «Մեր Հայրենիք», «ՀՕՄ»ի եւ Շաբաթօրեայ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գրիգորեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցեց անցած տարի իրագործուած աշխատանքներուն մասին։
Ս. Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ ՀՕՄի ընտանիքէն ներս սրբազան աշխատանք է, որ կը տարուի՝ լուսաւորելու համար մանուկներուն միտքը։ Ապա դրուատանքով խօսեցաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Խնամակալ մարմինին կազմակերպած՝ Գիրքի տպագրութեան 500ամեակին նուիրուած զարգացման մրցումին մասին, որ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ։ Այդ ընթացքին աշակերտները սորվեցան 50 հարց ու պատասխան եւ տպաւորուեցան մեր մշակութային հսկայ ժառանգութիւններով՝ զգալով անոնց բարերար անդրադարձը իրենց հոգիներուն ու հայեացքներուն վրայ։
Ապա տնօրէնուհին իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց վարժարանի աշխատանքները հովանաւորող ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան ու անդամներուն, որոնք ամէնօրեայ հոգածութեամբ կը հետեւին վարժարանի գործունէութեան, նաեւ՝ ծնողներուն, որոնք հետեւողականօրէն եւ համբերութեամբ վստահած են մեր աշխատանքներուն, եւ աշակերտներուն, որոնք խանդավառ հետեւած են մեր ծրագիրներուն։
Յայտագիրը ընթացաւ աշակերտներու սորված երգերուն ու արտասանութիւններուն կատարողութեամբ, իսկ վերջաւորութեան երկու աշակերտներ ընթերցեցին Յովհ. Թումանեանի «Անխելք Մարդը» հեքիաթը։
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Քրիստին Յովնանեան, որ գնահատեց աշակերտներուն ձեռք ձգած գիտելիքները եւ անոնց ելոյթը, որ ինքնին Գիրքի տպագրութեան տարուան խորհուրդն էր, նաեւ բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն նուիրեալ աշխատանքն ու ծնողներուն գիտակցութիւնը։
Անդրադառնալով Մայիս ամսուն Խնամակալ մարմինին կազմակերպած զարգացման մրցումին եւ մեր աշակերտներու մասնակցութեան՝ Քրիստին Յովնանեան Գիրքի Տարուան առթիւ ու հայ աշակերտին հայկական գրատուն ուղորդելու նպատակով, մրցումին մասնակից աշակերտներուն՝ Կարօ Նալճեանի, Սարօ Սանտալճեանի, Շանթ Սանտալճեանի, Նիկօլեթա Սարգիսեանի, Լէօ Սարգսեանի եւ Ալեքս Գէւորգեանի, պարգեւտրեց «Սարդարապատ» գրատունէն Gift Certificate-ով, ապա Ալեքս Գէւորգեանին նուիրեց ուղեգիր մը՝ մասնակցելու ՀԵԴի կազմակերպած ամառնային ճամբարին։
Շրջանաւարտ երեք աշակերտներ՝ Սարօ Սանտալճեան, Կարօ Նալճեան, Նիկօլեթա Սարգիսեան, փոխանցեցին իրենց անմեղ մանկական սրտի խօսքերը՝ ութ ոսումնական տարիներու ընթացքին իրենց ձեռք ձգած կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան մասին։ Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում։
Ներկայ ծնողներն ու մեծ թիւով ՀՕՄուհիները ըմբոշխնեցին աշակերտներուն խանդավառ ելոյթը, մտերմիկ զրոյցով փոխանցեցին իրենց յուզումն ու տպաւորութիւնները, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։