ԵՐԵՒԱՆ, «ԹրեԹ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հրաւէրը՝ մասնակցելու համար Սեպտեմբերի սկիզբը Թեհրանի մէջ կայանալիք «Չմիաւորման շարժում»ի գագաթնաժողովին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ իրանական «Իրնա» գործակալութիւնը, հրաւէրը Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է Իրանի ներքին գործոց նախարար Մոսթաֆա Մուհամետ Նաճարը:
Նախապէս, Սերժ Սարգսեան ընդունած էր նախարար Նաճարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ նշած, թէ վերջին շրջանին յաճախակի դարձած երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն փոխայցելութիւնները կը վկայեն հայ-իրանական բարեկամութիւնը առաւել ամրապնդելու երկկողմանի ձգտումին եւ գործնական կապերը աւելի խորացնելու վճռականութեան մասին: