
Կիրակի, 30 Մարտին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Inland Empire նորահաստատ մեր համայնքի զաւակներուն համար կատարուեցաւ եկեղեցական արարողութիւն մը, որուն նախագահեց եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս քհնյ. Պետոյեան: Տէր հայրը իւրաքանչիւր ամսուան վերջին Կիրակին այցելութիւն կու տայ համայնքի զաւակներուն եւ սրբազան հօր տնօրինութեամբ եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարէ Saint Justina Ղպտի եկեղեցւոյ մէջ (Ռանչօ Քուքամանկա):
Տէր հօր այցելութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Փասատինայի եկեղեցւոյ սարկաւագներ եւ դպիրներ: Տէր հայրը մօտէն կը հետեւի համայնքը յուզող հարցերուն, կը կազմակերպէ համայնքային կեանքը եւ իր յորդորներով կ՛ոգեւորէ մեր եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները՝ պահելու Աւետարանի ուսուցումները եւ կառչած մնալու մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն:
Յայտնենք, որ անցնող ամիսներուն, Մեծ Պահեցողութեան շրջանին եւ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ, նորահաստատ բազմաթիւ ծուխերու մէջ այցելու հոգեւոր հովիւներու կամ հոգեւոր մատակարարներու կողմէ կատարուեցան եկեղեցական արարողութիւններ, տօնական ջերմ եւ հայկական մթնոլորտին մէջ պահելու մեր ժողովուրդի զաւակները եւ նորահաս սերունդը:
Եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցելու համար կապ հաստատել հետեւեալ անձերուն հետ.
– Վահէ Իսկենտերեան՝ (818) 653-9093
– Վահէ սարկաւագ Չարխութեան՝ (562) 715-8730։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ