
Նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Պելճիքայի թագաւորութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կի Դրուվըրուա (նստավայրը՝ Մոսկուա):
Հայաստանի նախագահի լրատուական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, թէ նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը՝ նոր պաշտօնը ստանձնելուն առնչութեամբ, եւ անոր մաղթած յաջողութիւններ:
Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ հայ-պելճիքական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, եւ Հայաստանը շահագրգռուած է այդ յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հիմնադիր անդամ Պելճիքայի հետ առաւել զարգացնելու
գործով:
Հանրապետութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Պելճիքայի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ անցած 20 տարիներուն մեր երկրին ցուցաբերած աջակցութեան, նաեւ պելճիքահայ համայնքի նկատմամբ մշտապէս բարեացակամ վերաբերմունքին համար:
Սերժ Սարգսեան երախտագիտութեամբ խօսած է Պելճիքայի կողմէ անցեալ դարասկիզբին Ցեղասպանութենէն փրկուած մեր հայրենակիցներուն ապաստան տալու եւ արարելու պայմաններ ստեղծելու մասին: Նախագահը ընդգծած է նաեւ, որ Հայաստանը եւ հայ
ժողովուրդը բարձր կը գնահատեն Պելճիքայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը:
Դեսպան Կի Դրուվըրուան երկկողմանի կապերու ամրապնդման գործով մեծապէս կարեւոր համարած է Պելճիքայի հայ համայնքին դերը՝ ընդգծելով, որ պելճիքահայ համայնքին շնորհիւ, ինք մեծ յարգանքով եւ համակրանքով կը վերաբերի հայ ժողովուրդին եւ անոր
հարուստ պատմութեան ու մշակոյթին նկատմամբ:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր համարուած է միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ծիրէն ներս նոյնպէս հայ-պելճիքական համագործակցութեան զարգացումը: