
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յուլիս 13ին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ընդունած է Հայաստանի Զինուած ուժեր հոգեւոր սպասաւորութեան մեկնող հինգ եկեղեցականներ՝ ուղեկցութեամբ Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս
եպիսկոպոս Աբրահամեանի:
Ըստ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգին տարածած հաղորդագրութեան՝ հանդիպման ընթացքին Վրթանէս սրբազանը վեհափառին ներկայացուցած է Հայոց բանակի նոր հոգեւոր սպասաւորները եւ անդրադարձած բանակի հոգեւոր
սպասաւորութեան գործունէութեան: Այնուհետեւ Ամենայն հայոց հայրապետը օրհնած է հոգեւոր ծառայութեան կոչուած եկեղեցականները եւ իր պատգամը փոխանցած անոնց:
Ընդգծելով, որ անոնք կոչուած են հայ զինուորի ոգին բարձրացնելու, հայրենիքի եւ եկեղեցւոյ հանդէպ անոր սէրը զօրացնելու եւ քրիստոնէական արժէքներուն հաղորդ դարձնելու կարեւոր ծառայութեան՝ վեհաբարը յորդորած է օրինակելի անձ դառնալ զինուորական
ծառայողներուն համար եւ հաւատքի խոր ապրում փոխանցել անոնց:
Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղած է անսակարկ ու աննուազ նուիրումով հովուական աշխատանք իրականացնելու այն գիտակցութեամբ, որ բանակը հայոց պետութեան եւ ժողովուրդի գոյութեան երաշխիքն է:
Աւարտին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը արդիւնաւէտ ծառայութիւն մաղթած է եկեղեցականներուն՝ իրենց սպասաւորութեամբ նպաստելու համար հայրենիքի անվտանգութեանն ու ապահովութեանը:
Ներկայիս ՀՀ Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդութիւնը ունի տարբեր զօրամասերու մէջ սպասարկող 47 եկեղեցական: