
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-13 Յուլիսին Ազգային անվտանգութեան մարմիններուն կողմէ ի գործ դրուած հետախուզական արշաւի իբրեւ արդիւնք դպրոցի տնօրէնէն 40.000 դրամ կաշառք ստանալու պահուն ձերբակալուած է Հայաստանի Կոտայքի մարզպետի տեղակալ Լեւոն
Միքայէլեանը:
Վերջինս իր պաշտօնավարութեան ընթացքին մարզի կարգ մը միջնակարգ դպրոցներու տնօրէններէն ապօրինի կերպով պահանջած էր պարբերաբար կաշառք վճարել՝ դպրոցներուն մէջ ստուգումներ չկատարելու համար, այլապէս սպառնալով հարցեր ստեղծել։