
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 17 Յուլիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Գանատայի խորհրդարանի անդամներ, Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահներ Ալեքսանտր Պուլրիսը եւ Ճիմ Քարաճանիսը:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, թէ վերջին տարիներուն Գանատայի հետ համագործակցութեան բնագաւառին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ դիտել տուած է, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Գանատայի հետ բազմաբովանդակ փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման:
Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատած է խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը՝ իբրեւ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր ձեւաչափ եւ ողջունած է Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւորներուն գործունէութիւնը՝ հայ-գանատական յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով:
Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է գանատացի խորհրդարանականներու դիտորդական մասնակցութիւնը Արցախի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն. անոր համաձայն, այսպիսով պատգամաւորները առիթ կ՛ունենան տեղւոյն վրայ տեսնելու իրողութիւնները եւ անաչառ պատկերացում ունենալու ընտրական գործընթացներուն եւ միջազգային չափանիշներուն անոնց համապատասխանութեան մասին:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու։