
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 17 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Իրանի փոխնախագահ, բնապահպանական կազմակերպութեան նախագահ Մոհամմատ Ճաւատ Մոհամմետիզատէ հաստատած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ սահմանները բարեկամութեան եւ խաղաղութեան սահմաններ են: Ան ուրախութիւն յայտնած է Հայաստան գտնուելուն համար, որովհետեւ անիկա տարածաշրջանին մէջ կը նկատուի քաղաքակրթութեան, արուեստի, մշակոյթի եւ պատմութեան բնօրրաներէն մէկը: «Հայաստանի անցեալը մեծ հարստութիւն է բոլորին համար, եւ մենք հայերը կը ճանչնանք իբրեւ խելացի եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան նպաստ բերող ժողովուրդ», ըսած է ան: Մոհամմետիզատէ շեշտած է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը կը ցուցաբերէ համագործակցութեան քաղաքական կամք: Փոխնախագահը ուրախութեամբ հաւաստիացուցած է, որ երկկողմ համագործակցութիւն կը տարուի բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ։