ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոպական խորհրդարանի 6 պատգամաւորներ նամակ յղած են Եւրոպական միութեան Գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընին։
Պատգամաւորները ողջունած են Էշթընի 26 Յունիսին կատարած յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էր՝ դադրեցնելու քաղաքական դրդապատճառներով քաղաքացիներու հետապնդումները։ Պատգամաւորները նշած են, որ «Եւրատեսիլ»էն ետք Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սաստկացուցած էին իրենց ճնշումները քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբ եւ կը շարունակեն ձերբակալութիւններ կատարել եւ բանտարկել քաղաքացիներ։ Այս երեւոյթին իբրեւ օրինակներ նշուած է լուսանկարիչ լրագրող Մեհման Եուսէյնովի նկատմամբ քրէական գործի յարուցումը եւ «Թոլիշի սատօ» թերթի խմբագիր Հիլալ Մամետովի ձերբակալութիւնը:
Այս դիմումին մէջ կը յիշեցուի, որ 26 Յունիսին Եւրոպական խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովը որդեգրած էր բանաձեւ մը, որով կոչ կ՛ուղղէր ատրպէյճանցի իշխանութիւններուն՝ լուծելու շուրջ 80 քաղաքական բանտարկեալներու հարցերը եւ նման բանտարկութիւններուն վերջ տալու։ «Մենք կը խնդրենք ձեզմէ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն, դադրեցնել քաղաքական դրդապատճառներով մարդոց ձերբակալութիւնները եւ երաշխաւորել, որ այդ երկիրը՝ իբրեւ ԵԽի անդամ, իր խոստումները կատարէ», նշուած է դիմում-նամակին մէջ։ Այս մասին տեղեկացուցած է ատրպէյճանական «contact.az» կայքէջը: