19 Յուլիսին կայացած կառավարութեան նիստէն քանի մը վայրկեան առաջ կառավարութեան շէնք ներխուժած են բանակին մէջ մահացած քանի մը զինուորներու ծնողներ, որոնք գրեթէ ամէն Հինգշաբթի բողոքի ցոյցեր կը կատարեն կառավարութեան շէնքին առջեւ։
Հոն հաւաքուած տասնեակէ մը աւելի ոստիկանները չեն յաջողած արգիլել ծնողներուն մուտքը։ Բանակին մէջ մահացած զինուորներուն մայրերը պահանջած են, որ հանդիպում մը ունենան վարչապետին եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ՝ հաստատելով, որ շէնքէն դուրս պիտի չգան, մինչեւ որ պատասխան ստանան։
«Թող իջնի վարչապետը, վերջապէս վարչապետին պիտի հետաքրքրի՞ էս մեր էրեխեքի սպանութիւնները, կարող է մեր էրեխեքը իրենց համար խաղալիքնե՞ր էին, ուղարկեցինք բանակ, յօշոտեցին, ու էսօր պատասխան չեն ուզում տալ: 2 տարի, 4 ամիս է ես կանգնած եմ էստեղ, օրերից մի օր մեր վարչապետը չի եկել էս գլխաւոր մուտքից մտել ու ասի՝ «ես ձեր ցաւը հասկանում եմ», յայտնած է, ըստ պաշտօնական տեղեկութեան, բանակին մէջ անձնասպանութիւն կատարած Վալերի Մուրադեանի մայրը՝ Նանա Մուրադեանը (մայրը կը պնդէ, որ որդին սպաննուած է, քանի որ սիւնը, որմէ կախուած էր զաւակը, անոր հասակէն ցած էր):
Ծնողները կը պահանջէին, որ իրենց որդիներուն մահուան պատճառ եղող մեղաւորները արժանի պատիժ ստանան: Հակառակ իրենց պահանջին, ո՛չ վարչապետը, ո՛չ պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցան իրենց հետ: Փոխարէնը կառավարութեան շէնքին մէջ մայրերուն հետ հանդիպեցաւ ու զրուցեց կառավարութեան քաղաքացիներու ընդունելութեան եւ դիմումներու քննարկման վարչութեան պետ Ալեքսանդր Ղազարեանը: Ան կը փորձէր ծնողներուն բացատրել, որ մարդ կրնայ մահանալ նաեւ հանդարտ պայմաններու մէջ:
«Էս զոհերը տան բակում էլ է լինում, ինստիտուտում էլ է լինում», ըսած է ան։
Մօտ 30 վայրկեան ետք ոստիկանները կրցած են կառավարութեան շէնքէն դուրս հանել վրդոված ծնողները: