(Հեղինակ՝ Վահան Զանոյեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2010ին Երեւանի մէջ «Էտիթ Փրինթ» տպարանէն լոյս տեսաւ Վահան Զանոյեանի «Վերադարձ» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ կը բաղկանայ 96 էջերէ եւ կ’ընդգրկէ 16 քերթուածներ, որոնք տպուած են նոյն հատորին մէջ թէ՛ Մեսրոպեան եւ թէ՛ ներկայ Հայաստանի մէջ որդեգրուած ուղղագրութեամբ:
Զանոյեան կ՛ըսէ՛, թէ Խորհրդային Միութեան վարչակարգի տապալումէն ետք յառաջ եկաւ քաղաքական նոր իրադարձութիւն մը, երբ Հայաստան վերագտաւ իր անկախութիւնը:
Ակնարկելով պատմական այս երեւոյթին, Զանոյեան կ՛ըսէ, թէ իր սիրտը լեցուեցաւ անհուն ուրախութեամբ: Թէ՝ այս հոգեվիճակին անմիջական դրսեւորումն է «Վերադարձ» խորագրեալ երախայրիք քերթողագիրքը, որուն հիմնական ենթահողը կը հանդիսանայ հայրենի բնաշխարհը՝ իր ձորերով ու դաշտերով, իր ծաղկագեղ բնութեամբ եւ հինաւուրց իր վանքերով ու հոյակերտ բերդերով:
Սոյն գործով հեղինակը կ՛արտայայտէ իր ամենաջերմ զգացումները հայրենիքի հանդէպ այն խոր գիտակցութեամբ, թէ Հայաստան ոգեղէն յատկութիւններով օժտուած տեսիլք մը չէ այլեւս, որուն կը ցանկար հայրենաբաղձ հայու մշտամորմոք կարօտով, այլ կենդանի եւ հոգեհաղորդ իրականութիւն է, որուն օրհնաբեր ներկայութեամբ կը հրճուի ամէն վայրկեան:
Զանոյեան կ՛ըսէ, թէ Հայաստան երազային վայելչութեամբ օծուն՝ իր դրախտավայրն է, զոր կ՛երազէ անքուն սիրահարի մը պէս: Ահա թէ ինչու ափսոսանքով կը վերյիշէ իր կեանքի այն թանկագին տարիները, որոնք կորսուեցան հայրենի բնաշխարհէն հեռու, օտար ոստաններու մէջ: Ահաւասիկ այս մտատանջութեամբ կ՛ըսէ.
«Իմացիր որ տանջողն ինձ
անցեալը չէ քո թաքուն
այլ կեանքիդ մաս չկազմած
տարիները իմ կորած
քո անցեալից բացակայ
ժամանակը իմ անդարձ»:
Արդարեւ, 1989ին Զանոյեան կու գայ Հայաստան, ուր կը կերտէ իր հարազատ օճախը: Ուրախ է ան այն իրողութեամբ, որ իր հայրենիքին «գոհարազարդ երկնքի տակ» կ՛ըմբոշխնէ Վայոց Ձորի խորհրդաւոր լռութիւնը, հայկական լեռնաշխարհի գեղեցկութիւնը, հայրենի ծխաններէն բարձրացող ծուխը եւ սրբախորհուրդ այն իմացումները, որոնք դարերէ ի վեր եղած են անբաժան երեւոյթները մեր դարաւոր անցեալի ոգեղէն իրականութեան…
Հեղինակը «Վերադարձ» կոչած է իր քերթողագիրքը այն ըմբռնումով, որ հայրենի հողին վրայ, անկախութենէն ետք, Սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ եղած շփումներուն պատճառով տեղի կ՛ունենայ «լեզուներու, գաղափարներու, կեցուածքներու, մտածելակերպերու, կենցաղներու բախումը»: Կ՛ըսէ, թէ այդ բախումը իր լեզուական, ոգեկան եւ զգացական այլազան դրսեւորումներով կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Իմացական հակադիր այս գաղափարներուն արտայայտիչն է Վահան Զանոյեան…
Հեղինակին յաջորդ գործը «Եզրէն Դուրս» խորագրեալ քերթողագիրքն է, որ լոյս տեսաւ 2011ին, դարձեալ Երեւանի «Էդիթ Փրին»չ տպարանին մէջ: Սոյն հատորը կը բաղկանայ 200 փոքրակազմ էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 27 քերթուածներ:
Յիշեալ գործը համադրոյթն է սիրային եւ խոհական ապրումներու, որոնք կը բացայայտուին բազմերանգ պատկերացումներով:
Այսպէս, ըստ հեղինակին, կեանքը «ըլլալ, չըլլալ»ու նման բախտորոշ եւ կենսական իմաստ ներկայացնող հարցական մը չէ միայն, այլ բարոյական գիտակցութեամբ զսպանակուած հանելուկ մըն է նաեւ, ինչպէս կը պարզուի հետեւեալ տողերով.
«Ապրիլ անմեղ
ու կիսկատար
կամ մեղաւոր
ու կատարեալ»:
Վահան Զանոյեան կը սիրէ ներկայացնել շրջապատի հակադիր երեւոյթները՝ իրենց համապատասխան յատկութիւններով:
Այս յղացքով, «Հոգիիդ եզրին» եւ «Ու եզրէն անդին» խորագրեալ զոյգ քերթուածներով, հեղինակը կ՛անդրադառնայ այն իրողութեան, թէ գաղտնիքները ունին երկիմաստ դրութիւն, որոնք կը բնորոշուին թէ՛ բացասական եւ թէ՛ դրական յատկութիւններով:
Ըստ Զանոյեանի, կու գայ պահ մը, երբ կ՛արգելափակուի՛ս գաղտնիքներուդ մէջ, որոնք կը կաշկանդեն ու կ՛առանձնացնե՛ն քեզ, ու երբ հոգիիդ ափերէն կը նայիս հեռուն, ամէն բան օտար եւ անծանօթ կը թուի քեզի: Բացասական այս երեւոյթին առընթեր, գաղտնիքներն են դարձեալ, որ կ՛ազատագրե՛ն քեզ, կ՛ըսէ Զանոյեան, ու կը թելադրէ քեզի, որ պաշտպանես զանոնք եւ ըլլաս գաղտնապահ այն մտատեսութեամբ, թէ՝
«տկարներու՜նն է
խոստովանանքը
անոնք, որ չունին
ոգին տոկալու
ոգին ըլլալո՛ւ
եւ ընդունելու
ճակատագիրը իրենց ստեղծած
ծանր սուտերուն
ու գաղտնիքներուն»:
Արդարեւ, Զանոյեան կ՛ապրի ինքնաբաւ գոհունակութեամբ, առանց երբեք հայցելու մխիթարութիւն եւ սփոփանք մարդոցմէ: Իր միակ ձգտումն է անձնատուր չըլլալ տխրութեան, այլ՝ ենթարկուիլ միայն սիրոյ ձգողական ուժին:
Օտար հորիզոններու տակ երկար ժամանակ թափառելէ ա՛լ յոգնած՝ Վահան Զանոյեան կը յանգի այն յուսադրիչ եզրակացութեան, թէ պէտք է վերադառնայ հայրենիք՝ կերտելու համար այնտեղ իր առաջին գողտրիկ տունը:
Նոյեմբեր 2011