
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի (ԱՄՆ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա) հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Համանախագահները կընդունի՛ն այն անհրաժեշտութիւնը, որ ԼՂ ներկայի իշխանութիւնները կը փորձեն այս գործընթացով ժողովրդավարօրէն ապահովել բնակչութեան հանրային կեանքը:
Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, ըստ համանախագահներուն՝ համանախագահ երեք երկիրներէն որեւէ մէկը, ոչ ալ նոյնիսկ որեւէ այլ պետութիւն ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն:
Համանախագահները շեշտած են, որ Յուլիս 19ին կայացած ընտրութիւնները որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական վերջնական կարգավիճակին կամ ղարաբաղեան հարցով վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի մը հասնելու բանակցութիւններուն վրայ: