ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրով, թեմիս բարեջան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Սան Ֆրանսիսքօ, ներկայ գտնուելու համար իր հինգերորդ առաջնորդական ընտրութեան առթիւ սարքուած մեծարանքի ճաշկերոյթ-հանդիսութեան: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Յուլիս, 2012ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ:
Երեկոյթին ներկայ էին գաղութիս հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, վեր. Ճէյմզ Գիզիրեան, ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային երեսփոխաններ, ազգային բարերարներ, շրջանիս մէջ գործող յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ ու ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը, որոնք եկած էին շնորհաւորելու սրբազան հայրը՝ անոր վերընտրութեան առթիւ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան անունով ողջոյնի ու շնորհաւորական ջերմ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեանը: Ապա ան շարունակելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի որպէս արժանաւոր առաջնորդ, մեր մաղթանքն է, որ դուք մնաք միշտ առողջ, որպէսզի միշտ պայծառ միտքով շարունակէք ձեր գործը, ինչպէս որ տարած էք նախորդ 16 տարիներու ընթացքին: Ակնարկ մը նետելով անցնող 16 տարիներու վրայ՝ չենք կրնար երախտագիտական ու շնորհակալական ջերմ մեր զգացումները չդրսեւորել եւ բարձրաձայն չյայտարարել՝ վարձքերդ կատա՛ր, սրբազան հայր»:
Շնորհաւորական ու յաջողութեան մաղթանքներով նաեւ ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան՝ շնորհաւորելով Մուշեղ սրբազանի առաջնորդական վերընտրութիւնը, եւ մաղթեց անոր քաջառողջութիւն, առաւել կորով եւ համբերութիւն, որպէսզի իր աստուածատուր իմաստութեամբ առաջնորդէ այս թեմը յաջողութենէ յաջողութիւն: Ապա տէր հայրը իր գնահատական խօսքը ուղղելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ ըսաւ. «Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ զաւակները, ինչպէս այս մեծ երկրի Կիլիկեան բոլոր թեմերուն հաւատացեալ եւ հաւատաւոր հայորդիները, խորապէս երախտապարտ են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռին, որովհետեւ անոր շնորհիւ, տարիներու լքուածութենէն բարձրացա՜ծ՝ անոնք կազմակերպուած թեմերու այսօրուան վիճակին հասած են ու դիմագիծ ստացած»:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններու եւ շրջանէն ներս գործող յարակից կազմակերպութիւններու անունով խօսք առնելով՝ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հրայր Սարգիսեանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց անոր համար, որ հոգաբարձութեան կազմակերպած այս ձեռնարկը իսկապէս ուրախ առիթ ստեղծեց հրապարակաւ շնորհաւորանքի խօսք փոխանցելու սրբազան հօր՝ անոր վերընտրութեան առթիւ, որպէս Արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմի առաջնորդ:
Շարունակելով իր գնահատական խօսքերը՝ Հ. Սարգիսեան ըսաւ. «Կը զգանք, որ ձեր վրայ դրուած պահանջն ու ակնկալութիւնները շատ ծանր են. ձեր հոգեւոր ծառայութեան կողքին, Արեւմտեան թեմի գաղութներու կարիքներուն մի՛շտ ընդառաջած էք՝ ստանձնելով ազգային ու կրթական գործունէութեան մարզերը եւս, եւ հմտութեամբ կ՛իրականացնէք մասնաւորապէս թեմի բարգաւաճման աշխատանքները»:
Ելոյթ ունենալով՝ թեմիս վերընտիր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, առաջին առիթով գոհունակութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ «այսօր մեզ բոլորս համախմբած է այս սրահէն ներս, միասնաբար, իբրեւ առաջնորդ, հովիւ, հոգաբարձութիւն, երեսփոխանական կազմ, տիկնանց միութիւն ու մեր ծխական համայնքը, Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ այս սրահէն ներս միասին ըլլալու եւ այս սիրոյ ճաշը միասնաբար բաժնելու համար՝ միշտ անկեղծ, բարի, բարեմիտ, առաքինի ու արդար մթնոլորտի մէջ: Շնորհակալութիւն եկեղեցւոյս հովիւին եւ հոգաբարձութեան, որոնք հրաւիրեցին զիս այս երեկոյ ձեզի հետ ըլլալու, անգամ մը եւս, եւ այս անգամ իբրեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ծխական համայնք՝ ձեր բարեմաղթութիւնները եւ շնորհաւորութիւնները փոխանցելու մեզի՝ իբրեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ մեր հինգերորդ վերընտրութեան առիթով»:
Սրբազան հայրը, անդրադառնալով իր հոգեւոր կեանքի հանգրուաններուն՝ ըսաւ. «Անցնող օրերուն, իմ մտորումներուս մէջ նիւթ եղաւ, թէ ծառայական կեանքիս մէջ այս տարի՝ 2012ին, քանի մը ամիս առաջ 30 տարին ամբողջացաւ Արեւմտեան թեմէն ներս ծառայութեանս, երեք շաբաթ առաջ՝ 36 տարի եղաւ հոգեւորական ձեռնադրուելուս, ամիս մը առաջ՝ 15 տարի եղաւ եպիսկոպոս ձեռնադրուելուս… ուրեմն, տարիները կը գլորուին ու կ՛երթան. 2 ամիսէն ալ 55 տարեկան կ՛ըլլամ: Փառք Աստուծոյ, որ հակառակ ծառայական մեր կեանքին մէջ մեր ունեցած ամէն տեսակի մարտահրաւէրներուն, մենք տեսիլքով ու հաւատքով մեր ծառայութիւնը շարունակեցինք»:
Առաջնորդ սրբազան հայրը, մասնաւորաբար շեշտը դնելով մեր հայ դպրոցներուն վրայ՝ պահանջեց. «Մենք առաքելութիւն ունինք, մենք հոգեւորականի կարիք ունինք ամէն տեղ, մենք հայ ուսուցիչի կարիք ունինք, մենք հայ ղեկավարի կարիք ունինք ամէն կողմ, այս բոլորը ուրկէ՞ պիտի գան, եթէ երբեք մեր հայկական վարժարաններուն մէջ մենք չկարենանք պատրաստել մեր ապագայի հոգեւորականներն ու ղեկավարները: Այս մտահոգութեամբ ես պիտի բաղձամ, որ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները իրարու օգնեն. ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ԵՍ ԿԸ ՊԱՀԱՆæԵՄ, որ այդքա՛ն նախանձախնդիր ըլլան, որ մեր ապագայի դպրապետները, սարկաւագները, ապագայ քահանաները այնտեղէ՛ն ունենալ: Հետեւաբար, օգնենք իրարու, սիրելինե՛ր. եթէ երբեք մենք իրարու չօգնենք, ապա դուրսէն եկած օգնութիւնը բաւարար չէ, որպէսզի յաջողութենէ յաջողութիւն հասնինք, բոլորս իրարու պէտք է օգնենք»:
Ձեռնարկի աւարտին հաճելի անակնկալ մըն էր առաջնորդ սրբազանին բերած պսակադրութեան զոյգ ոսկեզօծ թագերը (Հայաստան պատրաստուած) ու անոնց օրհնութեան արարողութիւնը. անոնք նուիրուած էին Գէորգ եւ Միռնա Քաչարեաններու կողմէ:
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի օփերայի սիրուած երգչուհի, այժմ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի հարս Սեդա Գիզիրեանը, եւ մեր բեմերու անբաժան ու սիրուած դաշնակահարուհի Նայիրի Սարգիսը: Անոնք մեկնաբանեցին Արամ Խաչատուրեանի «Գարուն Երեւան»ը եւ Վլատիլէն Բալեանի «Սէրս գաղտնի թող մնայ» ժողովրդային երգերը՝ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:
Երեկոն փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով. ընկերային մթնոլորտի մէջ ներկաները առիթը ունեցան շնորհաւորելու սրբազանին վերընտրութիւնը: