
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Լիբանանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արա Խաչատուրեանի հետ:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, շնորհաւորելով մեր հայրենակիցը՝ կարեւոր առաքելութիւն ստանձնելուն առիթով, քաղաքապետը յոյս յայտնած է, որ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները աւելի կ՛ամրապնդուին, իսկ Երեւանի ու Պէյրութի միջեւ համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի կ՛ընդարձակուի ու կը խորանայ։
«Հայ-լիբանանական յարաբերութիւններն աւանդաբար աչքի են ընկել բարձր մակարդակով, եւ արդէն 12 տարի է, ինչ Երեւանն ու Պէյրութը քոյր քաղաքներ են: Կարծում եմ, կան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ ոլորտներ երկկողմ համագործակցութեան աքթիւացման համար: Երեւանի քաղաքապետարանը շահագրգռուած է աշխուժացնել կապերը Պէյրութի քաղաքապետարանի հետ եւ իրականացնել փորձի փոխանակման ծրագրեր՝ ենթակառուցուածքների, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղութեամբ», նշած է քաղաքապետը:
Ներկայացնելով մայրաքաղաքի համաչափ զարգացման ընդհանուր ծրագիրը՝ Տարօն Մարգարեան շեշտած է, որ Երեւանի մէջ ստեղծուած առեւտուրի միջավայրը բարենպաստ է ներդրումային ծրագիրներու իրականացման համար եւ քաղաքապետարանը պատրաստակամ է քննարկելու փոխշահաւէտ ծրագիրներու մշակումն ու գործադրութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Արա Խաչատուրեան բարձր գնահատած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ջանքերը մայրաքաղաքի բարեկարգման ու զարգացման իմաստով՝ նկատել տալով, որ ակնյայտ են մայրաքաղաքին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններն ու անոր նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատարութիւնը։ Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու միացեալ ծրագիրներու իրականացման:
Տարօն Մարգարեան իր կարգին նշած է, որ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով Երեւանի եւ Պէյրութի քաղաքապետարաններուն կողմէ կազմուած միացեալ աշխատանքնային խումբը արդէն իսկ կը քննարկէ շարք մը առաջարկներ, որոնք յառաջիկային ծրագիրներու տեսք պիտի ստանան ու կեանքի կոչուին։