ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է, որ իրենք Լեռնային Ղարաբաղը չեն ճանչնար իբրեւ անկախ պետութիւն եւ չեն կարծեր, որ այս հարցին խաղաղ գործընթացին արդիւնքները կախեալ պիտի ըլլան տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն։
«Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Ռուսիան հետեւողականօրէն կողմ է ղարաբաղեան հակամարտութեան քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորման՝ հիմնուելով ՄԱԿի Կանոնադրութեան, Հելսինկեան ամփոփիչ աքթի եւ ԵԱՀԿի ու ՄԱԿի այլ հիմքային փաստաթուղթերուն, մասնաւորապէս անոնց մէջ առկայ ուժ կամ սպառնալիքներ չկիրառելու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքները յարգելու սկզբունքներուն վրայ», ըսած է ան։
Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ աւելցուցած է, որ Ռուսիա ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երկու այլ համանախագահներու հետ պիտի շարունակէ հակամարտող կողմերուն հետ աշխատանքը՝ 2009-2012 թուականներուն Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միացեալ յայտարարութիւնները իբրեւ հիմք ընդունելով։