ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Արցախի նախագահական թեկնածու Վիտալի Բալասանեան հանդէս եկած է արցախցիներուն ուղղուած դիմումով մը, ուր ընտրութիւններուն առնչութեամբ ողջունելով արցախցիները, որոնք քուէարկած են իրենց խղճով՝ նշած է, թէ արցախեան հանրութիւնը ապացուցեց աշխարհին, թէ պատրաստ է տէր կանգնելու իր ապագային:
Դիմումին մէջ, մասնաւորապէս ըսուած է.
«Սիրելի արցախցիներ, կը շնորհաւորեմ ձեզ Արցախի քաղաքական զարթօնքին առնչութեամբ, որ արտայայտուած է նախագահական քարոզարշաւի եւ քուէարկութեան ժամանակ: Արցախցիներով ապացուցեցինք աշխարհին եւ մեզ, որ արցախեան հանրութիւնը պատրաստ է տէր կանգնելու իր ապագային: Իմ թեկնածութեան կողմ քուէարկածներուն թիւը կը յուշէ, որ մեր բարձրացուցած խնդիրները հրատապ են եւ կարիք ունին լուծումներու: Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ մենք պիտի պայքարինք այդ խնդիրներու լուծման համար, եւ այսուհետեւ, ձեզի հետ միասին պիտի որոշենք երկրի քաղաքական օրակարգը:
Յունիս 15ին, գործող նախագահին ուղղուած իմ բաց նամակին մէջ ես որոշ մտահոգութիւններ յայտնած էի ընտրութիւնները վարկաբեկող գործընթացներուն մասին: Ցաւօ՛ք, անոնք հաշուի չառնուեցան: Ես պատրաստ էի շնորհաւորելու արդար ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք յաղթած թեկնածուն, սակայն պէտք է սահմանափակուիմ ընտրութիւններուն արդիւնքները որոշ վերապահումներով ընդունելով:
Ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ մեր բնակչութեան առնուազն մէկ-երրորդը համաձայն չէ վարուող քաղաքականութեան եւ կը պահանջէ փոփոխութիւններ: Իշխանութիւնները պարտաւոր են վերանայելու իրենց քաղաքականութիւնը եւ ատիկա պիտի կատարուի մեր պահանջներուն ներքոյ:
Գործող նախագահը եւ անոր խումբը ի վիճակի չեղան ապահովելու արդար ընտրութիւններ: Ընտրութիւնները ազատ էին, բայց՝ ո՛չ արդար: Ամբողջ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին եւ ընտրութիւններու օրը ժողովուրդին վրայ եղած են ճնշումներ, վարչական միջոցները ամբողջովին ուղղուած եղած են գործող նախագահի ձայնահաւաքին: Ամենամեծ ճնշումները եղած են Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու բնակիչներուն վրայ: Այս պայմաններուն մէջ ստացած քուէները կը համարեմ լաւ արդիւնք, ինչը լուրջ հիմք է նոր քաղաքական կառոյցի ստեղծման համար:
Այս կառոյցի առաջնային նպատակներէն պիտի ըլլայ մեր քաղաքացիներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Ես միշտ պիտի ըլլամ բոլոր անոնց կողքին, որոնց իրաւունքը կը փորձեն ոտնահարել:
Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ձայնը տուած են ինծի: Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ ատիկա որոշ խիզախութիւն կը պահանջէր ձեզմէ: Կ՛ողջունեմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց խղճով քուէարկած են միւս թեկնածուներուն օգտին: