«Սիվիլիթաս» հիմնադրամին կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Համաշխարհային դրամատունը ուսումնասիրութիւն կատարած է բացայայտելու համար, թէ ճգնաժամային 2011 թուականին մարդիկ կրցա՞ծ են նիւթական խնայողութիւններ կատարել:
Ըստ հետազօտութեան արդիւնքներուն, Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան 50 առ հարիւրը յայտնած է, որ խնայողութիւն կատարած է: Եւրոպական երկիրներուն մէջ դրական պատասխան տուած է հետազօտութեան մասնակիցներուն 29-30 տոկոսը: Ատպէյճանի մէջ 2011 թուականին նիւթական խնայողութիւն կրցած են ընել միայն երկու առ հարիւրը, իսկ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ՝ մէկական առ հարիւրը: