ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿի գործող նախագահի դաշտային օգնականները 25 Յուլիսին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչներէն մէկուն հետ, որ վիրաւորուած էր ատրպէյճանական կողմէն արձակուած գնդակով։
ԵԱՀԿ գործող նախագահի դաշտային օգնականներ Անթալ Հերտիչի ու Իրժի Ապերլէի եւ գիւղացիին միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է դռնփակ՝ առանց մամլոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեան։
Նախապէս փոխանցուած էր, որ Գոռ Փարսեան վիրաւորուած էր ձեռքէն՝ 21 Յուլիսին երկրագործական աշխատանքներ կատարելու ատեն։
Վիրաւոր գիւղացիին հետ հանդիպումէն առաջ ԵԱՀԿ գործիչները այցելած էին սահմանամերձ երեք գիւղեր (Մոսուես, Այգեպար եւ Ներքին Կարմիրաղբիւր) ու զրուցած շրջաններու ղեկավարներուն հետ: Այս մէկը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու հանդիպման գօտիին մէջ (հայկական Այգեպար եւ ատրպէյճանական Ալիպէյլի բնակավայրերուն ուղղութեամբ) ԵԱՀԿի կատարած հերթական դիտարկումէն անմիջապէս ետք:
Երեք հայկական գիւղերուն ղեկավարները ներկայացուցած են իրավիճակը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ հայկական գիւղերուն ու ճամբաներուն ուղղութեամբ արձակուող կրակոցներուն։