
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուրբաթ, Յուլիս 27ի յետմիջօրէին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Թարապիոյ նախագահական պալատին մէջ պիտի ընդունի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները։
Կ՛ակնկալուի, որ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները փոքրամասնութիւններու հարցերուն մասին իրենց կարծիքներն ու առաջարկները ներկայացնեն նախագահ Կիւլին։
Հանդիպման գլխաւոր կազմակերպիչն է փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որուն պիտի ընկերանան փոքրամասնութեանց 8 ներկայացուցիչներ։
Յայտնի չէ, թէ օրակարգին վրայ ինչեր կան եւ պետական շրջանակները որոշած են, հանդիպումը դռնփակ կայացնել եւ մամուլի ներկայացուցիչներ չընդունիլ։
Փոքրամասնութիւններու պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ հետեւեալ անձերէն՝ պատուիրակութեան նախագահ՝ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, հայկական հաստատութիւններու ներկայացուցիչ՝ Պետրոս Շիրինօղլու, Ասորի ուղղափառ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Սաոտ Սուսին, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Պեռնար Սարըպայ, յունական հաստատութիւններու ներկայացուցիչ՝ Անտոն Փարիսիոնիս, հրեայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Սամի Հերման, պուլկարացիներու ներկայացուցիչ՝ Վասիլ Լիյազէ, Ասորի կաթոլիկ հիմնարկի ներկայացուցիչ՝ Զեքի Պասաթեմիր, Միտիաթի Մօր Կապրիէլ վանքի ներկայացուցիչ՝ Գուրիաքոս Էրկիւն։