ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերը յետ այսու կարելիութիւն պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու պարագային իրենց անցագիրները ստանձնելու իրենց երկիրներուն մէջ գործող Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն։ Այս նպատակով 26 Յուլիսին Հայաստանի կառավարութիւնը իր նախկին որոշումներէն մէկուն մէջ փոփոխութիւններ կատարեց:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի համաձայն, օրէնսդրութեան համապատասխան, Հայաստանի անցագիրները քաղաքացիները պէտք է ստանան միայն Հայաստանի ոստիկանութեան վիզաներու եւ անձնագրային վարչութենէն: «Այնուհանդերձ, նախագծով կը թոյլատրուի, որպէսզի առանձին դէպքերում անձնագրերը քաղաքացիներին տրուեն օտարերկրեայ պետութիւններում գործող Հայաստանի դիւանագիտական հիմնարկներում եւ հիւպատոսարաններում», դիտել տուաւ Յակոբեան: Նախարարին համաձայն, ներկայիս հազարաւոր սփիւռքահայեր դիմած են՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու խնդրանքով: