ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթը Հինգշաբթի, Յուլիս 26ին կը տեղեկացնէ, թէ Ցեղասպանութեան առնչուող Քրիս Պոհճալեանի «Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ» («Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները») հատորը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի ամենաշատ ծախուած գիրքերու նորագոյն ցուցակին վրայ պիտի ըլլայ, գրաւելով անոր 7րդ դիրքը: Ցուցակը թերթին համացանցային կայքին վրայ լոյս պիտի տեսնէ Յուլիս 27ին:
Պոհճալեան, որ հեղինակն է 15 վէպերու, անցեալին չորս հատորներ ունեցած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամենաշատ ծախուած գիրքերու ցուցակին վրայ: Անոր «Midwives» (1997), «The Double Bind» (2007), «Secrets of Eden» (2010), եւ «Skeletons at the Feast» (2008) հատորները յաջորդաբար առաջին, երրորդ, հինգերորդ եւ 15րդ դիրքերուն հասած են:
Հատորը նաեւ անկախ գրախանութներու կողմէ ամենաշատ ծախուած գիրքերու շրջանային ցուցակներուն մէջ, 3րդէն 11րդ դիրքը գրաւած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Նիւ Ինկլընտ (Մեսեչուսեց, Մէյն, Նիւ Հեմփշըր, Վըրմանթ, Ռոտ Այլընտ, Քընեթիքեթ) շրջանին մէջ, հատորը գրաւած է երրորդ դիրքը, իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ 6րդ:
Յուլիս 17ին հրատարակուած հատորին անդրանիկ շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին:
Մօտաւորապէս 20 քաղաքներու մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներով, Պոհճալեան հատորին ծանօթացման արշաւը կը շարունակէ: Օգոստոս 1ին հատորը պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ՝ հիւրընկալութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներ Էտըմ Շիֆի եւ Ռապըրթ Տոլտի: Յաջորդող երկու օրերուն, հատորը պիտի ներկայացուի Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել
www.chrisbohjalian.com/events կայքը:
Ամերիկեան շարք մը հրատարակութիւններ դրուատած են հատորը, որ այս շաբաթ Օփրա Ուինֆրիի «անպայման կարդացուելիք» հատորը ընտրուած էր:
Վէպը Միացեալ Նահագներու մէջ հրատարակուեցաւ «Տապըլտէյ»ի կողմէ: Բրիտանիոյ մէջ ան Օգոստոսին լոյս պիտի տեսնէ «Սայմըն էնտ Շուսթըր» հրատարակչատան կողմէ, որմէ ետք կը նախատեսուի զայն այլ երկիրներու մէջ եւս հրատրակել: