
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Եզիտիներուն համար 18 տարեկան աղջիկը արդէն «պառաւ» է, եւ ոչ ոք զայն կնութեան ուզելու կը ներկայանայ։ Այս մասին յայտնած է «Աշխարհի եզիտիների միութեան» նախագահ Ազիզ Թամոյեան՝ «Medialab.am»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ դէմ արտայայտուելով օրէնքի այն նախագիծին, որուն համաձայն, աղջիկներուն ամուսնական տարիքը նախապէս ճշդուած 17ի փոխարէն պիտի ըլլայ 18։
Այս դժգոհութեան մասին արդարադատութեան նախարարութեան եւրոպական համարկման վարչութեան պետ Արթուր Յովհաննիսեան ըսած է. «Հայաստանում, ըստ Սահմանադրութեան, օրէնքը միանշանակ բոլորի համար հաւասար է, եւ մենք խտրականութիւններ չենք կարող դնել: Մենք չենք կարող եզտի իգական ներկայացուցիչների համար բացառութիւններ անել՝ ամուսնական մէկ այլ տարիք սահմանել նրանց համար եւ մէկ այլ տարիք հայերի համար»:
Անդրադառնալով «Երկիր»ի այն մատնանշումին, որ, հակառակ օրէնքին, եզիտիները իրենց աղջիկները կը պսակեն 16 տարեկան հասակին, Ա. Յովհաննիսեան պատասխանեց. «Նրանք կարող են իրենց աւանդոյթներով ամուսնանալ, որեւէ օրէնք դա չի արգելում, բայց նրանց ամուսնութիւնը պետութեան կողմից կը ճանաչուի բացառապէս 18 տարեկանը լրանալուց յետոյ»: Հայաստանեան քրէական օրէնսգիրքով, սակայն կը պատժուի այն անձը, որ 16 տարիքը չամբողջացուցած անչափահասի մը հետ սեռական յարաբերութիւն ունենայ: