ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Յուլիս 26ին, ժամը 6:00ին հայ-ատրպէյճանական սահմանագծի հիւսիս-արեւելեան հատուածին, հատելով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը, հայ դիրքապահներուն յանձնուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի, զինուորական ծառայող Ֆիրուզ Ֆարազովը:
Սահմանախախտը ձերբակալուած է. կը կատարուի հետաքննութիւն:
ՀՀ ՊՆ նախարարութենէն կը յայտնեն, որ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողի գերութեան մէջ գտնուելուն մասին տեղեկացուած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի երեւանեան գրասենեակը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայող Ֆիրուզ Ֆարազովը գերի բռնուած է: Հետաքրքրական է, որ նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան պնդումով 1992 թուականին ծնած զինուորը «պատահաբար» գերի ինկած է: