ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 25 Յուլիսի ուշ երեկոյեան ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայաստանցի մասնակիցներու խումբ մը մեկնեցաւ Լոնտոն:
«Բարձր ակնկալիքով ենք գնում: Ամէն հնարաւորն ու անհնարը անելու ենք, որ մետալով վերադառնանք», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է միակ բռնցքամարտիկը՝ Անդրանիկ Յակոբեանը:
Մարզիկին կ՛ընկերակցի բռնցքամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանը: Անոր համաձայն, Յակոբեան Հայաստանի ամէնէն փորձառու բռնցքամարտիկներէն է. «Սպասում ենք լաւ արդիւնքի: Մեծ աշխատանք կատարեց»։
Ան աւելցուց, որ միայն Անդրանիկ Յակոբեան անհրաժեշտ միաւորները հաւաքած է։ Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունքի տիրացած են նաեւ նաեւ ճիւտոյիստներ Յովհաննէս Դաւթեանն ու Արմէն Նազարեանը: Հայաստանի ճիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահին համաձայն, մարզիկները «գերազանց վիճակում են»։ «Յոյս ունենք, որ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերում մենք կարող ենք ունենալ մետալներ»:
Նշենք, որ Հայաստան Ողիմպիական խաղերուն պիտի մասնակցի 25 մարզիկներով։
Հայաստանի կառավարութիւնն ու Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն որոշած է պարգեւատրել այն հայ մարզիկները, որոնք Ողիմպիական խաղերուն ոսկի, արծաթ կամ պրոնզ մետալներ կը խլեն՝ 20, 15 եւ 10 միլիոն դրամ տալով անոնց:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտարարած էր, որ կառավարութեան նշածին 50 տոկոսով պիտի վարձատրուին նաեւ հաւաքականի եւ անձնական մարզիչները:
Ողիմպիական խաղերու բացումին Հայաստանի դրօշակը պիտի բարձրացնէ ողիմպիական խաղերու ախոյեան, մարմնամարզիկ Ալբերտ Ազարեան:
Բացումին ներկայ կը գտնուին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան: