Մամուլով եւ հասարակական ցանցերով կրնաք հետեւիլ մեր երիտասարդներու գործունէութեան՝ Հայաստանի, Արցախի, æաւախքի, Ուաշինկթընի, Լոս Անճելըսի մէջ: Իրենց ամառնային հանգիստն է որ կը զոհեն այս երիտասարդները, կամաւոր կերպով լծուելով ազգանուէր աշխատանքներու, յատուկ ծրագիրներ մշակելով Արցախի, Հայաստանի եւ æաւախքի պատանիներուն համար, իսկ Ամերիկայի տարածքին՝ ծանօթանալով Հայ Դատի գրասենեակներու գործունէութեան՝ սորվելով, սորվեցնելով:
Այս երիտասարդները անմոռանալի պահեր կ՛ապրին, քաղցր յիշատակներ կը բերեն իրենց հետ եւ ամէնէն կարեւորը, մեր ազգին, ժողովուրդին ու հայրենիքին հետ անքակտելի կապ մը կը ստեղծեն:
Կ՛ողջունենք Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կամաւոր այս երիտասարդները: Կ՛ողջունենք բոլոր հայ երիտասարդները, որոնք նման աշխատանքներու մասնակից կ՛ըլլան: Ուրախ ենք, որ տարուէ տարի անոնց թիւը կ՛ուռճանայ: Օգնենք անոնց, որ աւելի ու աւելի մեծնայ այդ անզուգական փորձառութիւնը վայելող երիտասարդներու թիւը:
Իրենց հեռաձայնի թիւը՝ 818-500-1933: