
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը ժողովի մէջ է: Շրջանային հերթական ժողովն է, որ պիտի փակէ տարին, պիտի ընտրէ ղեկավար կազմի շրջանաւարտ անդամները փոխարինողները եւ նոր ծրագիրներ պիտի մշակէ՝ առ ի գործադրութիւն Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու:
Տեղական, համասփիւռքեան թէ համազգային կարիքներու հասնելու, կազմակերպական սեփական մեքենան առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու, նոր անդամներ ներգրաւելով ուժեղանալու ու աշխուժութեան նոր մակարդակներ նուաճելու խնդիրները ամէնամեայ հարցեր են, որոնք շարունակ կը հասնին Շրջանային ժողովներուն: Կազմակերպական վերջին տարիներու գործունէութիւնը ցոյց կու տայ, որ շնորհիւ իրարայաջորդ շրջանային վարչութեանց եւ մասնաճիւղերու գործունեայ անդամներու միացեալ ճիգերուն, բարեգործական այս միութիւնը վերելքի մէջ է եւ առաւել թափով յառաջ նետուելու բոլոր տուեալները ապահոված է:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»ը կ՛ողջունէ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային այս ժողովը եւ այս առիթով կ՛արտայայտէ իր երախտագիտութիւնը այս մեծ կազմակերպութեան անդամներու տարած ազգօգուտ աշխատանքներուն, ազգային կարեւոր խնդիրները դիմագրաւելու մեր ընդհանրական ճիգերուն պատրաստակամօրէն նպաստելու իրենց ցուցաբերած ոգիին համար:
Դաշնակցութեան շարքերը կը գնահատեն ՀՕՄի բազմաճիւղ գործունէութիւնը եւ պատրաստ են իրենց աջակցութիւնը բերելու այս կազմակերպութեան ծրագիրներու իրականացման:
Դաշնակցութեան մարմինները միշտ վայելած են նեցուկը Հայ Օգնութեան Միութեան անդամներուն, միշտ զգացած են ՀՕՄի խրախուսական ներկայութիւնը իրենց բոլոր գործերուն մէջ՝ սկսեալ տեղական ազգային կառոյցներուն զօրակցելէն մինչեւ համազգային տեսլականներու իրականացման ի խնդիր տարուած աշխատանքները:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը այս առթիւ կու գայ յայտնելու, որ անվերապահօրէն պատրաստ է շարունակելու ՀՕՄի աշխատանքներուն սատարել, շարունակել լայն տեղ տալու ՀՕՄի շրջանային թէ մասնաճիւղային գործունէութիւնը լուսաբանող, տեղեկագրող ու ծանօթացնող գրութիւններուն, յօդուածներուն, ծանուցումներուն ու հաղորդագրութիւններուն:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՕՄին ու անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ Դաշնակցութիւնը ձեր կողքին է, ձեր գործը գնահատողն է, ձեր նուիրումն ու վաստակը արժեւորողն է: